2017-05-10 08:23:00

Արամ Ա ընդունեց Լիբանան տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ հայկական ջոկատը։


Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը` գլխաւորութեամբ ջոկատի հրամանատար քափիթեն Կարէն Աթոյեանի, երէկ` երեքշաբթի, 9 մայիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանք եւ վեհարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի:

Հրամանատար քափիթեն Կարէն Աթոյեան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ ջոկատի 32 անդամներուն առաքելութեան` նշելով, որ անոնք մասնակցած են տարբեր ռազմափորձերու, ինչպէս նաեւ պաշտպանական գործողութիւններու:

Վեհափառ հայրապետը ողջունեց հայոց բանակի քաջ ու հերոս զինուորները, որոնք հպարտութիւն կ՛առթեն հայրենիքին ու համայն հայութեան եւ կը հանդիսանան հայրենիքի հզօրութեան ու յաւերժութեան երաշխիքները: Ան հաստատեց, որ բանակը երկրին առանցքն է, հզօրութեան աղբիւրը, անսասանութեան երաշխիքը, մանաւանդ Հայաստանի եւ Արցախի պարագային, որովհետեւ անոնք կը գտնուին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու եւ խնդիրներու դէմ յանդիման, ունին բազում կարիքներ, զորս հոգալու կոչուած են առոյգ, նուիրեալ եւ կազմակերպուած բանակի անդամները: Արամ Ա. կաթողիկոս ուրախութիւն յայտնեց եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հայութիւնը ունի այդ բանակը, որ որակ է քանակ ըլլալէ առաջ` աւելցնելով, որ հայկական բանակին որակը անպայման արդիական սպառազինութիւն, մասնագիտական զէնքեր ունենալով չի բնորոշուիր, այլ ծառայութեան ոգիով, նուիրումով, հաւատքով, վճռականութեամբ եւ պարտականութեան գիտակցութեամբ օժտուած ըլլալով:

Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց Վարդանանց ճակատամարտը, ուր փիղերու ներկայութիւնը վտանգ կը հանդիսանար եւ սարսափ կ՛ազդէր` դիտել տալով, որ այսօր չկան փիղեր, սակայն կայ սպառնալիքը, կայ դաւադիր թշնամին, որուն դէմ մղուած պայքարը եւ հայրենիքը անկէ պաշտպանելը իսկական սրբութիւն, առաքելութիւն ու կոչում կը նկատուին: Ան հաստատեց, որ Հայաստանն ու հայութիւնը միշտ ալ ենթակայ եղած են տարբեր տեսակի ոտնձգութիւններու, գերի դառնալու փորձելու, սակայն միշտ ալ կրցած են դէմ յանդիման կանգնիլ ամէն տեսակ մարտահրաւէրներու, փաստել, որ իրենք տէր են իրենց ճակատագիրին, կառչած են իրենց  արդար իրաւունքներուն, որոնց ձեռքբերման համար իւրաքանչիւր հայ պատրաստ եղած է իր կեանքն իսկ զոհելու: Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ հայութեան այս մնայուն պայքարին մէջ իւրաքանչիւր հայ զինուոր է, իսկ հայկական բանակի իւրաքանչիւր անդամ` յառաջապահ:

Անդրադառնալով հայ զինուորներուն Լիբանանի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն կատարելու հանգամանքին` Արամ Ա. կաթողիկոս ուրախութիւն յայտնեց այս գծով, որովհետեւ հայութիւնը խաղաղութիւն սիրող եւ խաղաղութեան հաստատման մասնակից դարձող ազգ է, բացի երբ փորձ կատարուած է խլելու իր իրաւունքները: Ան վստահութիւն յայտնեց այն մասին, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ կատարած է իր առաքելութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ իրենց աշխատանքը աւարտելէ ետք զինուորները Հայաստան կը վերադառնան վերանորոգ կամքով ու կորովով:

Վերյիշելով Արցախ կատարած իր այցելութիւնը` Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ պէտք է տէր կանգնինք մեր հողերուն, չարտօնենք, որ անոնք խլուին մեզմէ, որովհետեւ անոնք ո՛չ միայն սեփականութիւն են, այլ նաեւ` սրբութիւն:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` ընդունելութեան, քաջալերական ու գօտեպնդիչ խօսքերուն համար: Ան վստահեցուց, որ քաջարի զինուորները ո՛ւր ալ գտնուին, նոյն ոգիով ու պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` հաստատելով, որ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամն ու օրհնութիւնը տարբեր խորհուրդ ու կարեւորութիւն պիտի ունենայ անոնց համար:

Աւարտին վեհափառ հայրապետը աղօթագիրքեր նուիրեց իւրաքանչիւր զինուորի:

Վեհարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք «Ազդակ» զրուցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հետ` տրուած այցելութեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի բանակէն ջոկատի մը կողմէ իրականացուած խաղաղապահ առաքելութեան մասին: Դեսպանը շատ խորհրդանշական նկատեց յատկապէս 9 մայիսին տրուած այս այցելութիւնը` նշելով, որ Հայաստանի նորաստեղծ, բայց արդէն քառորդ դարուան պատմութիւն ունեցող այս բանակը հայրենի սահմանները, հայ ժողովուրդին անվտանգութիւնը պաշտպանելու կողքին վերջին տարիներուն ներգրաւուած է միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ, իսկ 2014 թուականէն ի վեր հայ զինուորները կը ծառայեն Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կողքին, ինչ որ մեծապէս կը նպաստէ այս շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման:

Դեսպանին համաձայն, գտնուելով Լիբանանի մէջ, ջոկատի անդամները պէտք է այցելէին նաեւ լիբանանահայ համայնքին, ծանօթանային եկեղեցական կառոյցին, նաեւ` Լիբանանի մէջ հայ ժողովուրդին կերտած ժառանգութեան: Ան դիտել տուաւ, թէ  նկատի ունենալով, որ այս այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակին, իսկապէս երկուքն ալ մեծ խորհուրդ կը բովանդակեն, իսկ վեհափառ հայրապետին մաղթանքներն ու գովասանքի խօսքերը` հայ զինուորներուն եւ բանակին ուղղուած, վստահաբար պիտի քաջալերեն զանոնք` ապագայ ծառայութեան ընթացքին, նաեւ` պահապան ըլլան անոնց:

Այս առիթով «Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատի հրամանատար քափիթեն Կարէն Աթոյեան ըսաւ, որ 9 մայիսին տրուած այս այցելութիւնը յատկանշական է այն իմաստով, որ անիկա նաեւ Շուշիի ազատագրութեան օրն է, յաղթանակի օրն է: Ան տեղեկացուց, որ ջոկատի անդամները նախորդ տարի մասնակցած են ապրիլեան պատերազմին` յառաջնագիծի  պաշտպանութեան ծիրին մէջ կազմակերպուած մարտական գործողութիւններուն: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, որուն միջնորդութեան շնորհիւ կարելի եղած է կազմակերպել այս այցելութիւնը եւ ջոկատը դուրս բերել իր առաքելութեան գործադրութեան վայրէն: Կարէն Աթոյեան հաստատեց, որ վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպումը հոգեկան հանգստութիւն պատճառեց, ամրապնդեց իրենց կորովը: Քափիթենը նաեւ ըսաւ, որ իրենց առաքելութեան աւարտին շատ երկար ժամանակ չէ մնացած, արդէն հինգ ամիսէ կը գտնուին Լիբանան եւ յառաջիկայ ամիս պիտի մեկնին հայրենիք` աւելցնելով, որ պարբերաբար տեղի պիտի ունենայ 32 հոգինոց ջոկատի հերթափոխութիւն:

Անթիլիասի մայրավանքէն ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը մեկնեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, ապա շրջագայեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ: Այս ծիրին մէջ ջոկատը այցելեց նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան:








All the contents on this site are copyrighted ©.