2017-05-10 11:24:00

''Ֆաթիմայի մէջ Տիրամօր հովանիին պիտի յանձնեմ մարդկութեան ճակատագիրը'' Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 10 Մայիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած ընդհանրական ունկնդրութեան աւարտին ողջունելով հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորները նշեց թէ յառաջիկայ ուրբաթ եւ շաբաթ օրերուն որպէս ուխտաւոր կը մեկնի Ֆաթիմա, Ֆաթիմայի մէջ Տիրամօր երեւումներուն 100 ամեակին առթիւ, ''Տիրամօր հովանիին յանձնելու մարդկութեան ժամանակաւոր եւ յաւիտենական ճակատագիրը ու Տիրամօր բարեխօսութեամբ աղերսելու Երկնային օրհնութիւններ'' Նորին Սրբութիւնը ապա աւելցուց ''Բոլորէդ կը խնդրեմ որ միանաք ինծի որպէս խաղաղութեան եւ յոյսի մէջ ուխտաւորներ. Ձեր ձեռքերը թող շարունակեն թիկունք կանգնիլ իմ ձեռքերուս եւ թող որ Մայրերու ամենամեծն ու լաւագոյնը հսկէ իւրաքանչիւրին վրայ, դէպի յաւիտենականութիւն տանող օրերու հոլովոյթին''։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն ըսելով.

Սիրելի երիտասարդներ` ս. Վարդարանի առօրեայ աղօթքով, սորվեցէք աճեցնել Աստուածամօր նկատմամբ ջերմեռանդութիւնը. սիրելի հիւանդներ խաչի պահուն զգացէք Մարիամին ներկայութիւնը եւ դուք սիրելի նորապսակներ աղօթեցէք Անոր` որպէսի ձեր տունին մէջ երբեք չպակսի սէրը եւ փոխադարձ յարգանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.