2017-05-10 10:34:00

''Յոյսին Մայրը'' Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


''Յիսուսի խաչին քով կայնած էին իր մայրը եւ իր մօր քոյրը, Մարիամ՝ Կղէովպասի կինը, ու Մարիամ Մագդաղենացին: Ուրեմն երբ Յիսուս տեսաւ իր մայրը, եւ այն աշակերտը որ կը սիրէր՝ քովը կայնած, ըսաւ իր մօր. «Կի՛ն, ահա՛ քու որդիդ»: Յետոյ ըսաւ աշակերտին. «Ահա՛ քու մայրդ»: Եւ այդ ժամէն ետք՝ աշակերտը ընդունեց զայն իր քով: (Յովհաննէս 19, 25-27)''։

(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 10 Մայիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդհանրական  ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու շարունակելով Քրիստոնէական յոյսի մասին խորհրդածութիւնները շեշտը դրաւ Մարիամի` Յոյսի մօր վրայ։ 

Մարիամ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մայրական ուղեւորութեան ընթացքին ապրեցաւ խաւար գիշերներ։ Անոր համար դիւրին չեղաւ ''Այո'' պատասխանել հրեշտակի հրաւէրին, թէեւ ան երիտասարդ տիկին` քաջութիւնը ունեցաւ իր արգանդին մէջ ընդունելու նորածին մը։ Այդ այոն առաջինն էր հնազանդութեան երկար ցանկի մը որ պիտի ընկերար Անոր մայրական ուղեւորութեան։

Մարիամ աւետարաններուն մէջ կը ներկայանայ որպէս լռելեան կին մը որ յաճախ չի հասկնար այն ինչ որ իր շուրջ կը պատահի, սակայն իր սրտին մէջ կը խոկայ ամէն մէկ խօսքի ու երեւոյթի մասին։ Ան չի վհատիր կեանքի եղելութիւններու դիմաց, ոչ ալ կը բողոքէ։ Կին մըն է որ կ՛ունկնդրէ, կ՛ընկալէ ու մեզի կը նուիրուի մինչեւ խաւարագոյն գիշերը երբ իր Զաւակը խաչուեցաւ` խաչին վրայ։  Մարիամ արդարեւ կը յայտնուի վճռական պահուն, երբ բարեկամներէն շատեր փախուստ տուին։ Մայրերը չեն դաւաճաներ ու խաչին ոտքին ոչ մէկը կարող է հասկնալ այդ դաժան չարչարանքի պահը։

Աւետարանին մէջ գրուած է  ''Մայրը կայնած էր խաչին քով'' ոչ մէկ ուրիշ նկարագրութիւն կայ։

Մարիամ պարզապէս այնտեղ էր։ Ահա դարձեալ Նազարէթի այդ երիտասարդ աղջիկը, յառաջացած տարիքի բերումով` մոխրացած մազերով,   հաւատարմաբար ներկայ, ամէն անգամ որ կարիքը կայ վառած ու լուսաւոր մոմի մը` մթագնած ու մառախուղով շրջապատուած վայրի մը մէջ։ Ան տակաւին չի ճանչնար Յարութեան ճակատագիրը զոր իր Զաւակը այդ պահուն կը բանար բոլոր մարդոց դիմաց։ Սակայն հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ ծրագիրին, իր այդ ''Տիրոջ աղախինն եմ ես'' բացագանչութեամբ, Մարիամ խաչին տակ կանգնած կը տառապի ու կը տառապի նաեւ ամէն անգամ որ զաւակ մը կը չարչարուի։

Սուրբ Կոյսը կը գտնենք ապա Եկեղեցւոյ առաջին օրը, Ան յոյսի Մայրը, այդ դիւրաբեկ աշակերտներուն մէջ որոնցմէ մին ուրացած էր, ուրիշներ փախուստ տուած­ եւ մնացածները վախի մէջ։ Մարիամ այնտեղ եւս ներկայ էր պարզապէս, որպէս բնական երեւոյթ մը, առաջին Եկեղեցւոյ ներքոյ որ պարուրուած էր Յարութեան լոյսով ու նաեւ աշխարհի մէջ կատարելիք առաջին քայլերու երկիւղով։

''Ասոր համար է որ մենք զինք կը սիրենք որպէս Մայր։ Մենք որբ չենք երկնքի մէջ ունինք Մայր մը` Աստուծոյ Սուրբ Մայրը։ Ան մեզի կը սորվեցնէ սպասումի առաքինութիւնը, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ անիմաստ կը թուի, Մարիամ` Մայրը զոր Յիսուսը յանձնեց մեզի բոլորիս, Ան որ միշտ կը վստահի Աստուծոյ խորհուրդին, թիկունք կանգնի նաեւ մեր քայլերուն։ Թող որ Ան մեր սրտին խօսի եւ խրախուսէ ոտքի կանգնիլ ու նայիլ յառաջ, հայեացքը ուղղել դէպի հորիզոնը. Որովհետեւ Ան Յոյսի Մայրն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.