2017-05-10 11:07:00

Մեսրոպեան վարժարանը տուաւ 13 ՝՝աշակերտ բանակցողներ՝՝


Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 7-րդ դասարանի 13 աշակերտներ Սեն Ժոզէֆ համալսարանէն ստացան “Աշակերտ Բանակցող”ի վկայագիր, աւարտելէ ետք նոյն համալսարանին կողմէ կազմակերպուած դասընթացքը, որ երկարեցաւ աւելի քան չորս ամիսներու վրայ:

“Աշակերտ Բանակցողներ” (Elèves médiateurs) անունը կրող նշեալ դասընթացքին նպատակն էր պատանիները վարժեցնել տագնապներու լուծման (Conflict Resolution) եղանակներուն եւ սկզբունքներուն: Այս նպատակով Մեսրոպեանի աշակերտները անցան վարժողական 14 դասապահեր. յառաջիկայ տարեշրջանին, վկայագիր ստացողները պիտի մասնակցին աւելի ընդգրկուն եւ խորացուած դասընթացքներու, Լիբանանի այլ դպրոցներէն ընտրուած աշակերտներու հետ միասին:

Վկայագրերու յանձնման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Մեսրոպեանի Ֆարաճեան հանդիսասրահին մէջ: Ներկայ էին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Centre Professionnel de Médiation-ի հիմնադիր եւ  տնօրէնուհի Ժոհաննա Հաուարի Պուրժէյլի եւ դասընթացքի պատասխանատու չորս դասախօսներ: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ տիկին Պուրժէյլի գոհունակութիւն արտայայտեց արձանագրուած արդիւնքներուն համար եւ յատկապէս դրուատեց Մեսրոպեանի աշակերտներուն խանդավառութիւնը՝ դասընթաքներուն ընթացքին: Մեսրոպեանի երկրորդական բաժնի ակադեմական պատասխանատու տիկին Հասնա Ապու Իլիաս իր հերթին կարեւոր համարեց զարգացնել ծրագրի յաջող ընթացքը, ի նպաստ աշակերտներու կարողութիւններու խորացման եւ ընկերութեան մէջ անոնց դերակատարութիւնը քաջալերելուն:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհաւորեց վկայագիր ստացած աշակերտները, դիտել տալով, որ վարժարանի տնօրէնութիւնը գոհ կը զգայ այս ծրագրին ընթացք տուած ըլլալուն համար, քանզի անիկա նպաստեց աշակերտներուն բազմակողմանի զարգացման: Ան յորդորեց աշակերտները իրենց ստացած գիտելիքներն ու վարժութիւնը ի գործ դնել իրենց անմիջական շրջապատին մէջ, ի նպաստ հակասութիւններու, վէճերու եւ միջ-անձնային տագնապներու խաղաղ կարգաւորման:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.