2017-05-10 09:07:00

Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու 51-րդ օր։ Հովուական ձեռնարկներու համ-օգտագործում։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 28 մայիս 2017-ին, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի համբարձման տօնին եւ Ընկերային հաղորդամիջոցներու 51-րդ օրուան առթիւ, Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան քարտուղարութեան Աստուածաբանական-հովուական մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ թէ  մտադիր է զարգացնել ու քաջալերել տեղական եկեղեցիներու Ընկերային հաղորդամիջոցներու 51-րդ օրուան առթիւ ծրագրած ''Հովուական ձեռնարկներու'' եւ  ''բազմատեսակ  արտադրութիւններու'' համ-օգտագործումը ու այս առընչութեամբ կոչ կ՛ուղղէ բոլոր տեղական եկեղեցիներու հաղորդակցութեան գրասենեակներու պատասխանատուներուն, այդ օրուան առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներու մասին տեղեկութիւնները ու լսատեսողական ծրագիրները ուղարկել Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան ելեկտրոնային հետեւեալ հասցէին վրայ gmcs2017@spc.va։

Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ նաեւ թէ ուղարկուած նիւթերը պիտի հրապարակուին քարտուղարութեան պաշտօնական կայքէջի`(www.comunicazione.va) Ընկերային հաղորդամիջոցներու 51-րդ օրուան նուիրուած էջին վրայ։ 

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու 51-րդ օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին բնաբանն է` Եսայի Մարգարէէն քաղուած ''Մի վախնար, որովհետեւ ես քու հետդ եմ'' նախադասութիւնը, որուն կը յաջորդէ ''ժամանակակից աշխարհին հաղորդել յոյս եւ վստահութիւն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.