2017-05-10 09:38:00

Միացեալ Նահանգներ պիտի զինեն Սուրիոյ Քիւրտերը


Փենթակոն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ արտօնած է Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ կռուող քիւրտերու զինումը:

Փենթակոնէն բանբեր մը յայտնեց, որ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն մաս կազմող քիւրտ զինեալները սպառազինութիւն պիտի ստանան ՏԱՀԵՇ¬ը Ռաքքայէն վտարելու համար` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ «շատ լաւ կը գիտակցին» այդպիսի քայլի մը նկատմամբ Թուրքիոյ ունեցած մտավախութիւններուն:

Փենթակոնի բանբերը նաեւ ընդգծեց, որ Ռաքքայի վերատիրացման ճակատամարտը պիտի ըլլայ երկար եւ դժուար:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.