2017-05-09 13:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. հնազանդիլ Աստուծոյ խօսքին՝ խաղաղութիւն ու քաղցրութիւն ընկալելու համար։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երեքշաբթի, 9 մայիս 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  մատուցեց Սուրբ Պատարագի  զոհը  զոր նուիրեց  Սանթա Մարթա բնակարանի մայրապետներուն, որոնք այսօր կը նշեն իրենց միաբանութեան հիմնադիր՝ Սրբուհի Լուիզա Մարիլլաքի տօնը։

Այս առթիւ արտասանած  քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ  ''Սուրբ Հոգիին  հնազանդելու'' կարեւորութեան ու անկէ  բխած  բարի հետեւանքներու մասին։

Յիշելով Գործ Առաքելոցին մէջ գրուած այն դրուագը, ուր կը խօսուի  Սուրբ Ստեփանոսի մարտիրոսութենէն  ետք, Երուսաղեմի մէջ քրիստոնեաներու դէմ սկիզբ առած հալածանքներուն մասին, որուն հետեւանքով բազմաթիւ աշխարհական հաւատացեալները փախուստ տուին դէպի Անտիոք եւ Կիպրոս ուր անոնցմէ ոմանք աւետարանը քարոզեցին նաեւ հեթանոսներուն, ­ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, թէ անոնք այս մէկը ըրին որովհետեւ Սուրբ Հոգին էր որ  զիրենք մղեց այդ քայլը կատարելու ու անոնք հնազանդեցան Անոր ձայնին։

''Յակոբոս առաքեալը արդարեւ կը յորդորէ հեզութեամբ ընկալել Խօսքը ու Անոր առջեւ բանալ մեր սրտերը''։ Այս մէկը առաջին քայլն է ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մինչ երկրորդը` Խօսքը ճանչնալն է, որ կը նշանակէ ճանչնալ Յիսուսը որ ըսած է ''իմ ոչխարներս կը ճանչնան իմ ձայնս եւ ինծի կը հետեւին։ Ապա կայ երրորդ քայլ մը այն է ''Խօսինք հետ յարատեւ յարաբերութիւնը''։ Միշտ մեր մօտ ունենալ Աստուծոյ Խօսքը, զայն կարդալ ու մեր սրտերը բանալ Սուրբ Հոգիին որ մեզի կը հասկցնէ այդ Խօսքին իմաստը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  ու թուեց  Սուրբ Հոգիին հնազանդելու բարի հետեւանքները , որոնք են` բարեացակամութիւն, խոնարհութիւն, խաղաղութիւն, սէր եւ ինքնավստահութիւն։

Սուրբ Հոգին է որ մեզ  կ՝առաջնորդէ  սխալ չգործելու ինչպէս նաեւ  կ՛օգնէ  հեզութեամբ ընկալելու Զինք, Աստուծոյ խօսքը  ճանչնալու  եւ ապրելու  Անոր ուսուցման  համաձայն։

Նորին Սրբութիւնը  քարոզը եզրափակեց Սուրբ Յակոբոսի յորդորով , այն է  հեզութեամբ ընկալել Աստուծոյ խօսքը,  ապա` նշելով թէ   Անտիոքի մէջ  առաջին անգամուան համար աշակերտները կոչուեցան քրիստոնեաներ,    հրաւիրեց  Աստուծմէ հայցենք Սուրբ Հոգին հեզութեամբ ընկալելու շնորհքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.