2017-05-09 08:30:00

Վատիկանեան տեղեկութիւններ. Ֆաթիմայի Տիրամօր նուիրուած արարողութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ շաբաթ 13 մայիս 2017-ին, Ֆաթիմայի երեւումներուն 100-րդ  տարեդարձին առթիւ, Լեհաստանի Սվիտնիքայի թեմին` Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած սրբավայրի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Հիւանդաց Ապաքինում Տիրամօր'' սրբապատկերի թագադրութեան արարողութիւնը որուն` որպէս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուցիչ կը մասնակցի Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի երբեմնի կառավարիչ` Կարդինալ Զենոն Կրոքոլեվսքին։

Նոյն օր` Ղազախստանի` Քարականտայի ''Ֆաթիմայի Տիրամօր'' մայր տաճարին մէջ, եզրափակումը կը կատարուի ''Մարմեմեան Ուսումնաժողովին'' որ կազմակերպուած էր Ֆաթիմայի մէջ Տիրամօր երեւումներուն 100-րդ տարեդարձին առթիւ։ Այս եզրափակիչ արարողութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ` Քոր Ունում - Մէկ սիրտ Քահանայապետական խորհուրդի վաստակաւոր նախագահ`Կարդինալ Փոլ Ժոզէֆ Քորտէսը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.