2017-05-09 08:57:00

Արամ Ա. Վեհափառը շնորհաւորեց Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոնը։


Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոնի ընտրութեան առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորական հետեւեալ նամակը յղեց.-

Վսեմաշուք Նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն,
Նորընտիր Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան,
Փարիզ.

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իրեն ենթակայ թեմերու ժողովուրդին անունով, եւ անձնապէս, Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը ներկայացնենք Ձեզի՝ Ֆրանսայի նախագահ ընտրութեան առիթով։ Մեր երկու ժողովուրդներուն ունեցած պատմական եւ բարեկամական կապերը Մեզ կը մղեն մաղթելու, որ Ձեր նախագահութեան շրջանին Ֆրանսան կարենայ վերագտնել իր ներքին միասնականութիւնը եւ ընթանայ առաւել ծաղկում։

Արդարեւ, Ֆրանսան կարեւոր դեր ունի միջազգային գետնի վրայ։ Վստահ ենք, որ Ֆրանսան միշտ պիտի մնայ արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց ջատագով Կովկասի, Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի բոլոր կողմերը, ի պաշտպանութիւն ժողովուրդներու իրաւունքներուն եւ մարդկային արժէքներուն։ Կը սպասենք, որ Հայ Դատի նկատմամբ նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի զօրակցութիւնն ու կեցուածքը Դուք շարունակէք։ Մեր մաղթանքն է, որ Դուք նաեւ շարունակէք եւ աւելի հզօրացնէք Ֆրանսայի դերը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակէն ներս՝ ի խնդիր Արցախի անկախութեան եւ հարաւային Կովկասէն ներս վերջնական խաղաղութեան հաստատման։ Մեր յոյսն է, Պարոն Նախագահ, որ Դուք զօրավիգ կանգնիք Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման ձգտող աշխատանքներուն։ Վերջապէս, սպասելի է, որ Ֆրանսան աւելի ազդու դեր կատարէ Սուրիայէն ներս վերջ դնելու ներքին կռիւներուն, որոնց հետեւանքը եղած է ահաւոր ժողովուրդին վրայ՝ ներառեալ հայ համայնքին։

Սիրելի Պրն. Նախագահ, վստահ եղէք, որ Մենք յիշեալ աշխատանքներուն մէջ զօրավիգ կը կանգնինք Ձեզի, ինչպէս նաեւ Մեր Սուրբ Աթոռը ու իր համայնքները։ Ձեզի կը մաղթենք ամբողջական յաջողութիւն Ձեր առաքելութեան մէջ։

8 Մայիս 2017
Անթիլիաս

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ








All the contents on this site are copyrighted ©.