2017-05-09 13:17:00

«Ճոնին եւ Ընկերները» դասական երաժշտութեան երեկոյ Ս. Գրիգոր – Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ։


Կիրակի 7 Մայիս 2017, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր – Ս. Եղիա եկեղեցւոյ եւ Լիբանանահայ Թենոր՝ Ճոնի Կէօքճեանի, տեղի ունեցաւ «Ճոնին եւ Ընկերները», դասական երաժշտութեան երեկոյ մը, մասնակցութեամբ՝Թենոր Հ. Ղազար Վրդ. Պետրոսեանի, Սոբրանօ` Նատին Նասիֆի, Պարիթոն` Աւօ Ագրապեանի եւ դաշնակահարներու Անթոնի Ֆայյատի ու Նանոր Մաճարեանի :

Այս առթիւ ներկայ էին Պապական Նուիրակ՝ Կապրիելէ Քաչչան, Արհիապատիւ՝ Պաթագեան ու Խազումեան գերապայծառները, Գերյարգելի՝ Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեանը, Գերապատիւ՝ Հ. Պերճ Վրդ. Սապէհը եւ Արժանապատիւ՝ Տ. Րաֆֆի քհն. Յովհաննէսեանը, Նախկին Նախարար՝ Պր. Տէտէեանն ու երեսփոխան Պր. Շանթ Չինչինեանը, ներկայ էին նաեւ ազգային, կուսակցական եւ քաղաքական մարմիններու պատկանող ներկայացուցիչներ ու խուռներամ բազմութիւն մը:

Համերգը սկսաւ Գերյարգելի Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեանի սրտի խօսքով մը, ապա Լիբանանահայ Թենոր՝ Ճոնի Կէօքճեանը ներկայացուց Կոմիատսէն «Ով է Որպէս» շարականը, որմէ ետք Հ. Ղազար Վրդ. Պետրոսեանն ու Պր. Աւօ Ագրապեանը, Ճոնիին հետ մատուցանեցին շարք մը գեղեցիկ շարականներու եւ դասական երգերու երեք ձայներով «Մինչ օրանէս» Ագրապեանէն, «O Sole Mio» di Capua եւ «Santa Lucia» Cottrau-էն, այս մասէն ետք Թենոր՝ Ճոնին փունջ մը դասական երգեր ներկայացուց, «Այ Վարդ» Սպենդեարեանէն, «Հովիւի երգը» Աւետիսեանէն, «Բարձր Սարեր» Տիգրանեանէն, «Questa o quella» Verdi-էն, որուն յաջորդեց Լիբանանցի Սոբրանօ՝ Նատին Նասիֆը, ուր իր գեղեցիկ ձայնով ներկաներուն հրամցուց շարք մը դասական տաղեր «Queen of the night» Mozart, «Je veux vivre» Gounod-էն, ապա Ճոնին եւ Նատինը միասին երկերգի շարքով մը «Սարօ-Անոյշ» Տիգրանեանէն, «Աթինի նայա ուա ղաննի եւ նասսամ ալէյնալ հաուա» արաբերէն ու «You raise me up» lovland-էն, զմայլեցուցին ունկնդիրնեուն, համերգին աւարտին խումբը իր բոլոր անդամներով ներկայացուց verdi-էն «Libiamo» երգը, ուր ներկաներուն ծափահարութիւններով համերգը վերջ գտաւ:

Դիւան՝

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ  Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ 








All the contents on this site are copyrighted ©.