2017-05-08 10:55:00

Ֆոքոլարինի շարժումի կազմակերպութեամբ համամիութենական 59-րդ շաբաթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կազմակերպութեամբ Ֆոքոլարինի եկեղեցական շարժումին, 9-էն 12 մայիս 2017-ին, Հռոմի արուարձաններուն մէջ գտնուող Քասթել Կանտոլֆօ շրջանին մէջ տեղի կ՝ունենայ համամիութենական 59-րդ շաբաթը, որպէս բնաբան   ունենալով ''Քրիստոնեաները միութեան ուղիին վրայ` միասին քալելով''։  Յիշեալ ծրագրին , իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն շուրջ  70 եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական հասարակութիւններու  անդամ  700 քրիստոնեաներ, ժամանած 40 երկիներէ,  որոնք ապա կը մասնակիցն Ֆրանչիսկսո Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան։

Համամիութենական ծրագրին ծիրէն ներս կազմակերպուած դասախօսութիւններուն ելոյթ ունեցողներուն շարքին են Լուտերական համաշխարհային դաշնութեան  երբեմնի նախագահ Քրիսթիան Քրաուս եպիսկոպոսը,  Ժիւնեւի  եկեղեցիներուն համամիութենական  խորհուրդին նախագահ՝ վերապատուելի Մարթին Ռոպրա, Վատիկանի կողմէ ելոյթ կ՝ունենայ Քրիստոնեաներու միութեան զարգացաման Քահանայապետական  խորհուրհի քարտուղար՝ Գերապայծառ Պրայէն Ֆարելլը ապա Ֆոքոլարին շարժումի նախագահ Տիկին Մարիա Վոչէ, ։

Համամիութենական 59-րդ շաբաթ յայտագիրի ծիրէն ներս,  Կ-Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ, Իտալիոյ եւ Մալթայի մեթրոպոլիթ գերապայծառ Կեննատիոս Զերվոս պիտի խօսի  Աթենակորաս Տիեզերական պատրիարքին եւ Քիարա Լուպիխի միջեւ,  50 տարիներ առաջ կայացած երկխօսութեան հանդիպումի մասին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.