2017-05-08 11:23:00

Թրքական դատարանը մերժած Է ջնջել «Ուիքիփետիա»-ի արգելքը


Թուրքիոյ Քրէական հարցերու դատարանը մերժած է «Ուիքիփետիա Ֆաունտէյշըն» կազմակերպութեան բողոքարկումը եւ չէ ջնջած Թուրքիոյ մէջ «Ուիքիփետիա» ազատ հանրագիտարանի արգելքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթա.ռու» կայքը` վկայակոչելով թրքական աղբիւր մը:

Թրքական աղբիւրին տուեալներով` բողոքարկումին մէջ կը նշուէր, որ «Ուիքիփետիա»-ի արգելքը «կը խոչընդոտէ խօսքի ազատութիւնը»:

Նոյն ատեն Թուրքիոյ իշխանութիւններու կարծիքով` «ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ներդրում ունենալու փոխարէն «Ուիքիփետիա»-ն դարձած է միջազգային ասպարէզին մէջ Թուրքիոյ պատկերը սեւցնելու միտող արշաւին մէկ մասը»:

Յիշեցնենք, որ «Ուիքիփետիա»-ն Թուրքիոյ տարածքին արգիլուած էր 29 ապրիլին:








All the contents on this site are copyrighted ©.