2017-05-07 12:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց Սուրբ Վարդարանը աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 7 Մայիս 2017-ին, քահանայական կոչումներու 54-րդ օրուան առթիւ, Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորելէ ետք 10 նորօծ քահանաներու ձեռնադրութեան արարողութիւնը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական ընթերցումին վրայ, որ քաղուած է Յովհաննէսի աւետարանէն յատկացուած Բարի Հովիւի առակին։

Յիսուս ըսաւ Նորին Սրբութիւնը այդ առակին մէջ կը ներկայանայ զիրար ամբողջացնող երկու պատկերներով, Հովիւի պատկերը ապա փարախի դռան պատկերը։

Ոչխարներու հօտը մենք ենք ու պահպանուած ենք փարախին մէջ որ ունի դուռ մը եւ ուր բազմաթիւ մարդիկ կը մօտենան։ Կան անոնք որոնք փարախի դռնէն կը մտնեն եւ ուրիշներ որոնք այլ մուտքեր կ՛օգտագործեն։ Առաջինը հովիւն է` երկրորդը օտարականը` որ ոչխարները չի սիրեր։ Եւ Յիսուս ինքզինք կը նմանեցնէ առաջինին, որ կը ճանչնայ իր ոչխարները եւ ոչխարները կը ճանչնան անոր ձայնը ու մտիկ կ՛ընեն Անոր։ ։

Երկրորդ պատկերը դուռն է` ''ես եմ դուռը եթէ մէկը մտնէ իմ միջոցովս պիտի փրկուի''։ ''Յիսուս` Բարի Հովիւը դարձաւ նաեւ մարդկութեան փրկութեան դուռը, որովհետեւ իր կեանքը նուիրեց իր ոչխարներուն համար'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ Յիսուսի իշխանութիւնը կը կայանայ սպասարկութեան մէջ։ ''Ղեկավար մը որուն վրայ կրնանք վստահիլ, որովհետեւ Ան մեզ կը սիրէ, կը պաշտպանէ ու կ՛առաջնորդէ։ Մենք Անոր համար օտարականներ չենք այլ բարեկամներ ու եղբայրներ։ Թէեւ միշտ դիւրին չէ ու վտանգը կայ չկարենալ զանազանելու` բարի հովիւին ձայնը գողերու եւ աւազակներու  ձայներէն'' դիտել տուաւ Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց  միշտ հետեւելու Յիսուսին, Յարուցեալին որ միակ իսկական ու վստահելի առաջնորդն է, որ իմաստ կը պարգեւէ մեր կեանքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ Կոչումներու միջազգային օրուան առթիւ հրաւէր ուղղեց աղօթելու 10 նորօծ քահանաներուն համար, որպէսզի Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, միշտ պատրաստ ըլլան ունկնդրելու ու վեհանձնութեամբ հետեւելու Տիրոջ ձայնին։

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղելով հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն վերյիշեց Սպանիայի մէջ երանելի հռչակուած Անթոնիօ Արրիպաս Հորթիկելան ու անոր վեց եղբայրակիցները` որոնք հերոսաբար զոհուեցան իրենց հաւատքին համար։ Ապա ակնարկեց թէ վաղը կը նշուի Փոմփէի Վարդարանի Տիրամօր ծիսակատարութիւնը, ու հրաւիրեց` սուրբ Կոյսին նուիրուած մայիս ամսուայ ընթացքին, աղօթել ս. վարդարանը` յատկապէս խաղաղութեան համար, այնպէս ինչպէս խնդրած էր Ֆաթիմայի Տիրամայրը­ ուր ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ուխտագնացութիւն պիտի կատարեմ յառաջիկայ օրերուն, Տիրամօր երեւումներուն 100-րդ ամեակին առթիւ։

Սրբազան Հայրը Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.