2017-05-07 09:23:00

Կիրակի 7 Մայիս 2017 - Դեղին Կիրակի (Յովհաննէս Ե 19-30)


Ոչ իմ կամքս, այլ կամքն Անոր որ զիս ղրկեց

Երբ Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտները կը գանգատին իրեն Յիսուսի մասին, որ սկսած էր մկրտել ինք եւս, Յովհաննէս կ՛ըսէ. ինք պէտք է բարձրանայ եւ ես նսեմանամ։ Ահա այս է Խոնարհութեան ծայրագոյն աստիճանը, որ կրնայ մէկը ունենալ. Հակառակ որ մենք ենք որ կ՛աշխատինք, սակայն Տիրոջ անունն է որ փառք պիտի ստանայ. Նոյն խոնարհութիւնը ցոյց կու տայ այսօր Յիսուս երբ կ՛ըսէ թէ եկած է կատարելու ոչ թէ իր կամքը այլ կամքն Անոր որ զինք ղրկեց, այսինքն երկնաւոր Հօր կամքը։

Ինք կը փնտռէ միայն Հօր փառքը, ըսած է նաեւ Յիսուս երբ Հրէաները իրմէ նշան մը կը խնդրէին թէ իր ուսուցածը ճշմարիտ է.  Որովհետեւ այն որ կը կատարէ զգայացունց գործեր, ինչպէս Յիսուսի կատարած հրաշքները, բնական է որ ուզենայ պարծենալ անոնցմով, մինչդեռ Յիսուս երբեք չէ ուզած որեւէ հպարտանք ցոյց տալ իր կատարած հրաշքներուն համար, այլ ամէն զօրութիւն վերագրած է Հօր Աստուծոյ, անոր որ զինք ղրկած է աշխարհ, որպէսզի իրագործէ իր ծրագիրը։

Իշխանութիւնը որ ունի Յիսուս դատելու մարդկութիւնը, անոնց կեանք ու հոգի տալու եւ անոնց մէջ դնելու յաւիտենական կեանքի սերմերը, ստացած է իր Հօրմէն. Ուստի այն որ կը հնազանդի իրեն եւ կը կատարէ իր հրամանները, նովին գործով կը հնազանդի Հօր ու կ՛իրականացնէ անոր կամքը այս աշխարհի վրայ։

Քրիստոսի խոնարհութիւնը մեզ կրնայ պարզապէս մղել աւելի պարկեշտ ու համեստ ըլլալու մեր բոլոր գործունէութիւններուն ու յաջողութիւններուն մէջ։ Ի վերջոյ ի՞նչ կայ մեր մէջ զոր ստացած չենք Աստուծմէ. Մեր խե՞լքը, մեր մտային կարողութիւննե՞րը, մեր ձայնը՞, մեր կազմակերպչական յատկութիւննե՞րը…

Ամէն ինչ կու գայ վերէն, ամէն պարգեւ երկնատուր է եւ մեր արժանիքը պարզապէս կը կայանայ այդ բնատուր կամ աւելի ճիշտ է ըսել աստուածատուր պարգեւներուն յաջող կերպով օգտագործումին մէջ։ Ահա այս միայն կրնայ ըլլալ մեր պարծանքի առարկան, մնացած ամէնը կը պարտինք Տիրոջ։

Խոնարհութիւնը սուրբերու առաջին առաքինութիւնն է. Անով է որ անոնք կը բարձրանան միւսներէն վեր, անով է որ անոնք կը յաջողին նաեւ տիրանալու միւս բոլոր առաքինութիւններուն։ Ով որ խոնարհ է, դիւրաւ շնորհք կը գտնէ Աստուծոյ առջեւ եւ կ՛արդարանայ, նոյնիսկ եթէ բազմաթիւ են իր յանցանքները, ինչպէս տաճար ելլող մաքսաւորը, որ ուրիշ բան չըրաւ եթէ ոչ` խոնարհութեամբ ընդունիլ իր սխալները։

Պօղոս առաքեալ, որ իրականին մէջ կրնար պարծենալ բոլոր առաքեալներուն առջեւ իր կատարած առաքելական հսկայական գործերով, այն որ Քրիստոսի կողմէ ընտրուեցաւ որպէսզի աւետարանը քարոզէր հեթանոսներուն, ինք անձամբ հետեւեալ խօսքը կ՛ըսէ. Քաւ լիցի ինծի որ պարծենամ եթէ ոչ Տիրոջմով։

Մենք ամէնքս Քրիստոսի աշակերտներն ենք. Մենք նաեւ Պօղոսի աշակերտներն ենք. Եթէ Տէրն ու աշակերտը երբեք չպարծեցան եթէ ոչ` մին Հօր Աստուծմով, եւ միւսը` Քրիստոսով, մենք եւս հարկ է որ թողունք մէկդի ամէն ինքնաքովութիւն կամ սպասում որ մեզ գնահատեն. Մեր իսկական գնահատանքը կու գայ միայն Տիրոջմէ, որ կը դատէ ամէն մէկուն խիղճն ու հոգին եւ կը կարդայ անոր միտքը։

Մեր պարծանքը, սիրելի հաւատացեալներ, ըլլալու է մի միայն Քրիստոսի մէջ եւ մեր ամէն մէկ գործը կատարուելու է մի միայն Աստուծոյ մեծագոյն փառքին համար. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.