2017-05-06 10:50:00

Սուրիոյ մէջ «լարուածութեան մեղմացման» 4 գօտիներու ստեղծման շուրջ համաձայնութիւն


«Ինթըրֆաքս-Ղազախստան» հաղորդեց, որ Ռուսիա, Իրան եւ Թուրքիա «Ասթանա-4» հանդիպումի լիագումար նիստին ընթացքին ստորագրած են Սուրիոյ մէջ «լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման շուրջ յուշագիր մը:

Փաստաթուղթը ստորագրած են պատուիրակութիւններու ղեկավարները. Ռուսիոյ կողմէ` սուրիական տագնապի լուծման հարցով Փութինի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթեւ, Թուրքիոյ կողմէ` Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալ, Իրանի կողմէ` արաբական-ափրիկեան երկիրներու գործերով արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ժապերի Անսարի:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ փաստաթուղթը կոչ կ՛ուղղէ մինչեւ 22 մայիս նշեալ շրջաններու քարտէսները պատրաստելու, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ 5 օրուան ընթացքին այդ նպատակով աշխատանքային խմբակ մը յառաջացնելու: Ըստ համաձայնութեան, երաշխաւոր երկիրները պարտաւոր են Սուրիոյ կառավարական ուժերուն ու ընդդիմութեան օգնել, որպէսզի վերջիններս շարունակեն ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ իրենց պայքարը:

Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութեան պատուիրակութեան երկու անդամներ ցուցադրաբար լքեցին ժողովասրահը` բողոքելով Իրանի ստորագրութեան գոյութեան դէմ: Պատուիրակութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երեք երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնութենէն անմասն է: Զինեալ ընդդիմութեան պատուիրակութեան ղեկավար Մոհամետ Ալլուշ կը բացակայէր լիագումար նիստէն:

3 մայիսին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննարկած էին լարուածութեան մեղմացման չորս գօտիներու հաստատումը` Իտլիպ նահանգին մէջ, Հոմս քաղաքէն դէպի հիւսիս, Արեւելեան Ղութայի մէջ եւ Սուրիոյ հարաւը: Ասթանայի ժողովին մասնակից աղբիւր մը «Սփութնիք»-ին յայտնած է, որ գործնականին մէջ վերոնշեալ չորս շրջաններուն ստեղծման յուշագիրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, սակայն տակաւին տարակարծութիւն գոյութիւն ունի մէկ յօդուածի շուրջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ մագլցումի մեղմացման գօտիները կը ներառեն Իտլիպի գիւղական ամբողջ շրջանը, ինչպէս նաեւ` Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Հոմսի գիւղական շրջաններէն բաժիններ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ, նախքան Ասթանայի մէջ համաձայնութիւն գոյանալը, յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը համաձայն է երկրին մէջ «լարուածութեան մեղմացման շրջաններ»-ու ստեղծման` աւելցնելով, որ անվտանգութեան շրջաններու ստեղծումը պէտք է Սուրիոյ մէջ զինադադարի ամրապնդման կարեւոր քայլ դառնայ:

Լաւրով Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարին հետ իր միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ Ասթանայի մէջ կը քննարկուի «լարուածութեան մեղմացման շրջաններու» ստեղծման նոր գաղափար մը:

Ան յայտնեց, թէ Մոսկուա կը յուսայ, որ Ասթանայի մէջ Սուրիոյ շուրջ ընթացող բանակցութիւնները ունենան յաջող աւարտ մը: «Մենք մեծ յոյս ունինք, որ ներկայիս Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ ընթացող ներկայ փուլը յաջողի զինադուլի ամրապնդման, խախտումներուն հակադարձելու մեքանիզմներու շուրջ համաձայնութեան եւ ականազերծման աշխատանքներու կատարման առումով», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յոյս յայտնեց, որ այս ամիս Ժընեւի մէջ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման դժուար հարցերուն նուիրուած բանակցութիւնները շարունակուին, եւ սուրիացի ժողովուրդը ինք ճշդէ իր ապագան:

Լաւրով նշեց. «Կարգ մը արեւմտեան պետութիւնները կը փորձեն Խան Շէյխունի մէջ քիմիական զէնքերու դէպքին հետաքննութիւնը ձգձգել»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.