2017-05-06 08:00:00

6 - 15 Մայիս Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին հովուական այցելութիւն կը կատարէ Աւստրալիա։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը կը տեղեկացնէ թէ Ժողովի Կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Աւստրալիայի Արեւելեան եկեղեցիներու պատկան հինգ եպիսկոպոսներու հրաւէրով, 6-15 Մայիս 2017-ին, հովուական այցելութիւն կը կատարէ Աւստրալիա ուր վերջին տասնամեակներուն Արեւելքէն ժամանած բազմաթիւ հաւատացեալներ, գաղթականութեան բերումով, բնակութիւն հաստատեցին։

Իր կեցութեան ընթացքին Ծիրանաւորը պիտի այցելէ արեւելեան եկեղեցիներու զանազան հասարակութիւնները, որոնց շարքին Մարոնցիներու ''Our Lady of Lebanon'' աթոռանիստ Եկեղեցին ուր կիրակի` 7 մայիսին պիտի գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը։ Կարդինալ Սանտրին պիտի այցելէ նաեւ Քաղդէացիներու Սուրբ Թովմասի անուան թեմը, ապա 8 Մայիսին պիտի այցելէ Կուլպըրնի Լատիններու աթոռանիստ Եկեղեցին հուսկ Քանպերրայի առաքելական պատուիրակութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Երեքշաբթի` 9 Մայիսին Կարդինալ Սանտրին կ՛այցելէ Սիտնէյի Յոյն Մելքիթներու համայնքը, ապա 10 մայիսին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր նիստին, մինչ երեկոյեան` այցելութիւն կը կատարէ Ասորի Կաթողիկէներու ժողովրդապետութեան։

Հինգշաբթի 11 մայիսին Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը հանդիպում կ՛ունենայ Աւստրալիայի խորհրդարանի մի քանի պատգամաւորներուն հետ  մինչ յետմիջօրէին Աւստրալիայի Կաթողիկէ համալսարանի մօտ հանդիպում կ՛ունենայ Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկան Սիտնէյի մէջ բնակող կղերական դասի անդամներուն հետ ու հանդիպման առթիւ նշումը կը կատարուի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հիմնադրութեան 100 ամեակին։

Ուրբաթ 12 Մայիսին Կարդինալ Սանտրին կ՛այցելէ Սիտնէյի հայ Կաթողիկէ  ''Վերափոխման'' Եկեղեցին ուր կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը ու հանդիպում կ՛ունենայ հայ կաթողիկէ հասարակութեան հետ։

Շաբաթ 13 Մայիսին`  Ֆաթիմայի Երեւումներու 100 ամեակին  օրը, Կարդինալ Սանտրին կը տեղափոխուի Մելպըրն ուր հանդիպում կ՛ունենայ Մելպըրնի մէջ բնակող արեւելցի կղերական դասին հետ, հուսկ 14 Մայիսին կ՛այցելէ  Մելպըրնի Ուքրանացիներու Եկեղեցին այնտեղ նախագահելով սուրբ պատարագի արարողութիւնը։

Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչին հովուական այցելութիւնը վերջ կը գտնէ Կիրակի 14 մայիսի երեկոյեան, Սիրո-Մալապար համայնքի տուած այցելութեամբ, որմէ ետք ան վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.