2017-05-06 08:36:00

Զուիցերական պահակագունդի 40 նոր անդամներու երդման արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանը` աշխարհի ամենափոքր պետութիւնը­, ունի աշխարհի ամենահին բանակը` Զուիցերական պահակագունդը։ Շաբաթ 6 Մայիս 2017-ի յետմիջօրէին Վատիկանի ''Սան Տամազօ'' ներքնափակին մէջ տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդի 40 նոր անդամներու երդման արարողութիւնը զոր կը նախագահէ Պետական Քարտուղարութեան տեղակալ` գերապայծառ Փաոլօ Պորճա, ի ներկայութեան Զուիցերական կառավարական ու եկեղեցական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն։  Երդման արարողութենէն առաջ 6 մայիսի առաւօտեան 7,30-ին տեղի ունեցաւ նաեւ նայ Սուրբ Պատարագի արարողութիւն զոր  գլխաւորեց Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը  կարդինալ Կերարտ Լուտվիկ Միւլլերը։

Յայտնենք թէ` 6 Մայիս 1527-ին, Հռոմի թալանումի ընթացքին զուիցերացի 147 պահակներ, իրենց կեանքը կորսնցուցին` պաշտպանելու համար Կղեմես Է Պապը և 42 պահակներ Կղեմես Պապին հետ միասին, ապաստանեցան ''Քասթել Սանդ Անճելօ -   Սուրբ Հրեշտակ'' կոչուած դղեակին մէջ, պաշտպանելու համար Քահանայապետին կեանքը։

Ներկայիս Զուիցերական պահակագունդը կ´երաշխաւորէ Սրբազան Պապին անմիջական պաշտպանութիւնը, հսկելով Վատիկանի բոլոր մուտքերու վրայ։ Զուիցերական պահակագունդի մարմնին մաս  կազմելու համար հարկաւոր է ըլլալ Զուիցերացի Քաղաքացի, Կաթողիկէ, Զուիցերական բանակին մէջ ծառայութիւն մատուցել, 18 - 30 տարեկան ըլլալ, ունենալ առ նուազն 174 սմ հասակ, ամուրի, եւ ունենալ ուսման բարձրագոյն վարժարանի վկայական։ Զուիցերական պահակագունդը կազմուած է առ այժմ 110 զուիցերացի կաթողիկէ այրերէ։  Անոնց զինուորագրութիւնը կը տեւէ երկու տարի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.