2017-05-05 10:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆաթիմայի մէջ. ''Մարիամի հետ յոյսի ու խաղաղութեան մէջ ուխտաւոր''


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` Մայիս 5-ին, ժամը 13-ին. Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ, մամլոյ գրասենեակի Տնօրէն տիար Կրէկ Պուրք` Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներու հարիւր ամեակին առթիւ Ֆաթիմայի սրբավայր կատարելիք ուխտագնացութեան յայտագիրը։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն կը մեկնի ուրբաթ, 12 մայիս 2017-ի յետմիջօրէին,  ու  Մոնթէ Ռէալ օդակայան կը ժամանէ տեղական ժամով 4-ին ուր տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի արարողութիւնը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը հանդիպում կ՝ունենայ Փռրթուկալի հանրապետութեան նախագահին հետ, ապա կ՝այցելէ օդակայանին մէջ գտնուող մատուռը, հուսկ ինքնաթիռով  կը փոխադրուի Ֆաթիմա ուր կը ժամանէ  5.35-ին  ու ինքնաշարժով կը փոխադրուի Տիրամօր երեւումներու մատուռ ուր կ՛ամփոփուի առանձնական աղօթքի մէջ։

Երեկոյեան ժամը 9-00-ին, Տիրամօր երեւումներուն  նոյն մատրան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ  մոմերու օրհնութեան կարգը կը կատարէ  հուսկ կը մասնակցի սուրբ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքին, վերջ տալով ուխտագնացութեան առաջին օրուայ յայտագրին։

Շաբաթ, 13 մայիս 2017-ին առաւօտեան` ''N.S.  do Carmo'' տան մէջ Սրբազան Քահանայապետը  կը հանդիպի Փորթուկալի ներքին գործոց նախարարին հետ, ապա կ՝այցելէ Ֆաթիմայի վարդարանի Տիրամօր մայր տաճար, ուր կը հանդիսապետէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին Սուրբ կը հռչակէ Ֆրանչիսկոս եւ Յակինթա երկու  փոքրիկ հովիւները որոնք ականատես եղած էին Տիրամօր Երեւումներուն։

Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը հանդիպի խումբ մը հիւանդներուն հետ­, ապա կէսօրուան ճաշը կը կիսէ Փորթուկալի եպիսկոպոսներուն հետ, հուսկ կը փոխադրուի Մոնթէ Ռէալ օդակայան ուր տեղի ունեցող հրաժեշտի արարողութենէն ետք կը բարձրանայ օդանաւ ու վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 7,05 անց։  

Ֆրանչիսկոս Պապին Ֆաթիմա կատարած առաքելական ուխտագնացութիւնը կը հանդիսանայ միջազգային 19-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը։

Ֆաթիմայի Սրբավայրը եղած է Քահանայապետերու ուխտագնացութեան վայր­, արդարեւ  սրբավայրը այցելած են Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը 1967-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ -ը 3 անգամ` 1982-ին 1991-ին եւ 2000-ին ապա Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը 13 մայիս 2010-ին.

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ֆաթիմա կատարելիք առաքելական այցելութեան նշանաբանն է ''Մարիամի հետ` յոյսի ու խաղաղութեան մէջ ուխտաւոր''։

 

Ֆաթիմայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ կազմը։

Փորթուկալի 10 միլիոն 349 հազար  բնակչութեան 88.7 առ հարիւրը կաթողիկէ են։

Կաթողիկէ եկեղեցին ունի 21 եկեղեցական գաւառներ ուր կը գործեն 4.424 ժողովրդապետութիւններ ու 2.293 այլ հովուական խնամակալութեան այլ կեդրոններ։

Փորթուկալի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մաս կը կազմն 49 եպիսկոպոս, 2524 թեմական կուսակրօն քահանաներ, 907 կրօնաւոր վարդապետներ եւ 360 մնայուն սարկաւագներ։ Ապա կան 237 կրօնաւորներ, 4.603 կրօնաւորուհիներ­, 5.145 աշխարհական միսիոնարներ ու 58.962 կրօնուսոյցներ։

Կաթողիկէ եկեղեցին կը մատակարարէ 760 նախակրթարանի դպրոցներ 61 միջնակարգ դպրոցներ ու 26 աւարտական դպրոց եւ համալսարաններ, ապա 44 հիւանդանոցներ­ 105 բժշկական կեդրոններ, 63 թոքախտանոցներ ու 997 ծերանոց, 672 որբանոց, 53 ընտանեկան հարցերով զբաղող կեդրոններ ու այլ բազմաթիւ բարեսիրական հաստատութիւններ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.