2017-05-05 11:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Ոչ կարծրամիտ երկակի կեանքով անձերուն` Եկեղեցին կարիքն ունի հեզերուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Այսօր եւա Եկեղեցւոյ մէջ կան անձինք որոնք կը դիմեն կարծրամտութեան, ծածկելու համար իրենց մեղքը''. Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ 5 մայիսի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ուր ակնարկեց Սուրբ Պօղոսի դարձի մասին որ կարծրամիտ հալածող անձէ` դարձաւ Աւետարանի հեզ ու համբերատար առաքեալ։

Սուրբ Պօղոս խիստ ու կարծրամիտ էր ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սակայն ազնիւ էր ու Յիսուս դատապարտեց այն կարծրասիրտ անձերը որոնք նենգամիտ էին։

Արդարեւ կան մարդիկ որոնք կարծրութիւնը կ՛օգտագործեն իրենց տկարութիւնները, մեղքերն ու անձնական հիւանդութիւնները ծածկելու համար։

Սաւուղ կը հալածէր քրիստոնեաները ու Դամասկոսի ճամբուն վրայ հանդիպեցաւ  մարդու մը հետ որ կը խօսէր հեզութեան ոճով եւ այդ հեզութեան զօրութեամբ Սաւուղ կը դառնայ Աւետարանի առաքեալ։

Քրիստոնեայի ճանապարհը կը նշանակէ քալել Յիսուսի հետքերուն վրայ, քարոզութեան, չարչարանքի ու Խաչի հետքերուն վրայ, ապա Յարութեան հետքերուն վրայ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը քարոզի աւարտին, ու հրաւիրեց Սաւուղէն հայցել որ բարեխօսէ Եկեղեցւոյ անդամ կարծրասիրտ մարդոց համար, կարծրասիրտ սակայն ազնիւ մարդոց համար որոնք կը սխալին, ապա կարծրասիրտ երկակի կեանքով մարդոց համար, որոնց համար Յիսուս կ՛ըսէ ''ըրէք այն ինչ որ կը քարոզեն, սակայն մի հետեւիք անոնց գործերուն''։

''Այսօր աղօթենք կարծրասիրտերուն համար'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւարտելով Քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.