2017-05-05 13:43:00

Վանականութիւն (ԼԲ)


Ստեփանոս Օրբելեան, ԺԳ. դարու պատմիչը, իր գրքի 45րդ գլխուն մէջ հաղորդած է հետեւեալ տեղեկութիւնները Վահանավանքի կառուցման մասին։

“Ինչպէս վերը ըսինք, Վահան անունով մէկը՝ Ձագիկ իշխանի որդին եւ Ջեւանշերի եղբայրը, դիւահար մոլեգնութեան պատճառով կրօնաւոր դարձաւ եւ կամեցաւ վանք շինել ու այնտեղ հաստատել մշտապաշտօն քահանաներու կրօնաւորական դասեր։ Եւ շատ ու խիստ ճգնութիւններէ յետոյ՝ գալով այն բարձր լեռան ստորոտը, որուն վրայ է Բաղաբերդի անառիկ ամրոցը, Աճանանի դիմաց՝ կը գտնէ հարթ տեղ մը, շատ յարմար։ Նախ աղօթքներով Տիրոջմէ կը խնդրէր յաջողեցնել իր ձեռնադրումը, ապա՝ նոյն գործին կը հրաւիրէ իր կրօնակից վանականները։ Կը սկսի եկեղեցւոյ շինարարութեան եւ կը կագնեցնէ Աստուծոյ փառքի տունը՝ յոյժ գեղեցիկ կառուցուածքով, գմբեթայարկ, եռախորան, ամուր միացուած տաշածոյ վէմերով, եւ կը դարձնէ կրօնաւորներու տուն։ Արժէքաւոր եւ թագաւորական սպասներով կը զարդարէ զայն, կը հաւաքէ աւելի քան հարիւր մաքրակրօն վանականներ։ Եւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անունը կրող այդ եկեղեցիին կը յատկացնէ կալուածի բաժին՝ ձորը գետով եւ այս ու այն կողմի հանդերը եւ վանքի այգիները. լեռնակողմը՝ դէպի վեր, մինչեւ բարձրաւանդակի ծայրը, որտեղ կը մակաղէին եղջերաւոր անասուններու հօտերը. իսկ քաղաքի կողմէն՝ մինչեւ պարիսպի արտաքին պատը, որ կը սկսի լեռնէն. Տանձափարախի կողմէն՝ մեծ բնաձորը, որ սկիզբ կ’առնէ լեռնէն եւ կ’իջնէ մինչեւ գետը. եւ վանքի դիմացի գիւղերը՝ Աչաղուն, Աչաղուա գետը, Արավայրը, Շեկքը, ինչպէս եւ եկեղեցւոյ ուրիշ շատ նուիրատուութիւններու տիրոյթներ՝ հաստատելով անխախտ որոշումով։ Վահանը իր անունով վանքը կը կոչէ Վահանավանք, որ այնուհետեւ օրըստօրէ կը ճոխանայ որպէս բազմամարդ քաղաք։ Նոյն Վահանը շատ ճգնութիւն ու ջանադիր աշխատանք կատարելէն յետոյ կը վախճանի եւ կը թաղուի տաճարի մուտքին։

Սուրբ վանքի կառուցումը կատարուած է հայոց երեք հարիւր վաթսուն թուականին, Սմբատ Բագրատունիի թագաւորութեան, Աշոտի որդի Սիւնեաց գարերէց իշխան Սմբատի, Բաղքի Ջեւանշիրի իշխանութեան, Տէր Յովհաննէսի՝ Սիւնիքի եպիսկոպոսութեան ժամանակ։

Իսկ յետոյ միւս Վահանը՝ նախորդի եղբօրորդին, այսինքն՝ Ջեւանշերի որդին, այս վանքին մէջ մանկութենէն դաստիարակուելով ու սորվելով, վարժուելով աստուածային գիտութիւններուն, քահանայացաւ եւ դարձաւ սուրբ միաբանութեան առաջնորդ։ Ան աւելցուց բազմաթիւ շինութիւններ ու վանքը զարդարեց երեւելի բարեկարգումներով։ Եկեղեցւոյ բակին մէջ կառուցեց մեծ աղօթատունը՝ վիմակերտ մահարձաններով, ուր թաղուած են Աղուանքի եւ Բաղքի շատ մը թագաւորներ ու թագուհիներ, Սիսական աշխարհի բազմաթիւ փառաւոր իշխաններ։ Գեղեցիկ յօրինուածքով շինեց եկեղեցւոյ գաւիթը՝ մեծամեծ յղկուած վէմերով, երեսուն կանգուն բարձրութեամբ։ Վանքի դռան կամար կանգնեց՝ վրան երկու խորան, Պօղոս եւ Պետրոս սուրբ առաքեալներու անուամբ։ Կրաշաղախով միացուած քարերով կառուցեց եւ մեծ սեղանատուն ու խողովակով ջուր բերաւ անոր դուռը։ Եւ այսպէս զանազան կառոյցներով գեղեցկացուց վանքը։ Ապա ինքը հրաւիրուեցաւ Սիւնեաց եպիսկոպոսութեան պաշտօնին՝ Տէր Յակոբէն յետոյ. ապա այնտեղէն՝ ծայրագոյն փառքի՝ հայոց կաթողիկոսութեան, որ եղաւ Տէր Անանիա Մոկացիէն յետոյ։ Կաթողիկոսութեան աթոռին մնալով հինգ տարի՝ վախճանեցաւ Վասպուրական աշխարհի Տոստ գաւառի Բերկրիի մօտ գտնուող Ձորավանքի մէջ եւ թաղուեցաւ տաճարի բակին մէջ։ Երկար ժամանակ անցած Բաղքի Գրիգոր թագաւորի օրով, ինչպէս եւ Շահանդուխտ թագուհիի, Կատայի, Սենեքերիմ թագաւորի կողմէ բազմաթիւ եւ գեղեցիկ կառուցումներով առաւել գեղեցկացաւ Վահանավանքը։ Կանգնեցին մեծամեծ կամարներ՝ վրան եկեղեցիներ, բազմասիւն ու բարձրայարկ սրահներ, իշխանական հովանոցներ ու խրախճարաններ։ Այդ ժամանակ Աղուանքի երջանիկ կաթողիկոս Տէր Ստեփանոսը եկաւ եւ, որոշ օրեր այնտեղ ապրելով, վախճանեցաւ եւ թաղուեցաւ նոյն սրբարանի մէջ։”








All the contents on this site are copyrighted ©.