2017-05-05 11:40:00

Հայկական պատմամշակութային արժէքները հարեւան երկիրներու եւ Մերձաւոր Սփիւռքի մէջ


Մայիս 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական պատմամշակութային արժէքները հարեւան երկիրներու եւ Մերձաւոր Սփիւռքի մէջ» թեմայով քննարկումը, որուն գլխաւոր բանախօսն էր Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի ղեկավար, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան:

Ողջունելով ներկաները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Սամուէլ Կարապետեան ազգանունը ներկայացնելու կարիք չկայ, քանի որ անկախացումից մի քանի տարի անց նա սկսեց իր ակտիւ գործունէութիւնը, ինչի արդիւնքում մենք ճանաչեցինք եւ իմացանք աշխարհի տարբեր երկրներում եւ յատկապէս մեր տարածաշրջանում գոյութիւն ունեցող հայկական պատմամշակութային հին ու նոր արժէքների մասին: Փոքր տարիքից հետաքրքրուելով հայկական յուշարձանների ծագումնաբանութեամբ եւ ներկայ վիճակով`  Սամուէլ Կարապետեանն իր հայրենանուէր ու հետեւողական գործունէութեամբ կարողացաւ ստեղծել հանրագիտարանային նշանակութեան աշխատութիւններ»:

Նախարարը կոչ ըրաւ դահլիճին մէջ ներկայ սփիւռքահայերուն` մտածել, թէ ով ինչպէս կրնայ օգտակար դառնալ իր բնակութեան երկրին մէջ գտնուող հայկական յուշարձաններու պահպանութեան գործին: «Մենք հաւաքել եւ մէկ գրքում ամբողջացրել ենք ամբողջ աշխարհում գտնուող Հայոց ցեղասպանութեանը նուիրուած յուշարձանները եւ խաչքարերը, սակայն հարկ է, որ անձնագրաւորուեն բոլոր յուշակոթողներն ու եկեղեցիները», – նշեց Սփիւռքի նախարարը:

Այնուհետեւ Սամուէլ Կարապետեան ներկայացուց Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի ստեղծման պատմութիւնը, իրականացուցած աշխատանքները, ատոնց արդիւնքով տպագրուած գիրքերը:

Խօսելով «Ատրպէյճանը քաղաքակրթութենէն դուրս» եռալեզու գիրքին մասին` բանախօսը ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց աշխատութեան քաղաքական նշանակութեան ու կարեւորութեան վրայ, ուր տեղ գտած նիւթերը կը վերաբերին 4-20-րդ դարերու 120 յուշարձաններուն:

Յուշարձանագէտը նշեց, որ գիրքի լուսանկարներուն մեծ մասը ինք  նկարած է, մէկ մասը տիեզերքէն առնուած է, իսկ որոշ լուսանկարներ ալ օտարներ  փոխանցած են իրենց կազմակերպութեան:

Սամուէլ Կարապետեան ընդգծեց, որ օտարազգի ուսումնասիրողներուն  կը հետաքրքրեն Ատրպէյճանի այսօրուան տարածքին գտնուող հայկական յուշարձանները: «Սքոթլանտացի ուսումնասիրող մը 3 շաբթուան վիզա ունէր, սակայն հնարաւորութիւն չունեցաւ աշխատելու Նախիջեւանի մէջ, քանի որ 3 օրէն անոր հասկցուցին, որ պէտք է հեռանայ: Հայկական յուշարձանները մեր անձնագիրներն են, Ատրպէյճան կը վախնայ մեր անձնագիրներէն»,- նշեց Կարապետեան:

Յուշարձանագէտն անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանի միւս երկիրներու, Հնդկաստանի, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ գտնուող հայկական յուշարձաններուն:

Սամուէլ Կարապետեան պատասխանեց ուսանողներու, սփիւռքահայ մտաւորականներու հարցերուն, որմէ ետք ներկաները դիտեցին հայկական յուշարձաններու մասին պատմող հեղինակային ֆիլմը:








All the contents on this site are copyrighted ©.