2017-05-04 09:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ֆաթիմա կատարելիք առաքելական ուխտագնացութեան ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ Մայիս 5-ին, ժամը 13-ին. Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ սրահին մէջ, մամլոյ գրասենեակի Տնօրէն Տիար Կրէկ Պուրք զրոյցի մը ընթացքին կը ներկայացնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներու հարիւր ամեակին առթիւ Ֆաթիմայի սրբավայր կատարելիք ուխտագնացութեան յայտագիրը որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 12 եւ 13 մայիս 2017-ին։ Ասուլիսին կը մասնակցի նաեւ Ֆաթիմայի Սրբավայրի հաղորդակցութեան բաժանմունքի տնօրէնուհի Տիկ Քարմօ Ռոտէյա ու Լիզպոնի Պատրիարքութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի տնօրէն Հայր Նունօ Ռոզարիօ Ֆերնանտէս։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.