2017-05-04 16:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մայիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) 2017- ի Մայիս ամսուայ Քահանայապետին աւետարանութեան  աղօթքի դիտաւորութիւնն է աղօթել ''Ափրիկէի քրիստոնեաներուն համար, որպէսզի` նմանութեամբ ողորմած Յիսուսին, հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան մարգարէական վկայութիւն տան''։

Այս առթիւ հրատարակուեցաւ ''Ափրիկէի Քրիստոնեաները խաղաղութեան վկաներ խորագիրը կրող, Նորին Սրբութեան լսատեսողական պատգամը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՛ըսէ.

''Երբ նայինք Ափրիկէին անոր հումքերէն աւելի մեծ բաներ կը տեսնենք։ Կը տեսնենք ապրելու ուրախութիւնը եւ ամենէն աւելին, յոյսի պատճառ մը` անոր մտային. մշակութային ու հոգեւոր հարուստ ժառանգութեան մէջ։ Սակայն չենք կրնար դադրիլ նայելէ եղբայրասպան պատերազմներուն, որոնք կը  յօշոտեն բնակչութիւնը ու կը կործանեն անոնց բնական ու մշակութային հարստութիւնները։

Միանանք մեր այս մեծ ցամաքամասի եղբայրներուն ու միասին աղօթենք Ափրիկէի քրիստոնեաներուն համար` որպէսզի ողորմած Յիսուսի նմանութեամբ մարգարէական վկայութիւն պարգեւեն, հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.