2017-05-04 14:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝Թող որ եկեղեցին միշտ ուղեւորութեան մէջ գտնուի՝անսալով մարդոց անձկութիւններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Եկեղեցին թող որ յոտնկայս ու ընթացքի մէջ ըլլայ, միշտ ուրախ ու  մարդոց անձկութիւններուն անսալով''։  Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 3 մայիս 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին գլխաւոր յորդորը։   Մեկնաբանելով օրուան սուրբ Գրային ընթերցումը քաղուած գործ առաքելոցէն ՝ուր կը խօսուի Հրեշտակին՝ Սուրբ Փիլիպպոսի հետ հանդիպումին եւ անոր ուղղած խօսքին մասին ՝ ՝՝ոտքի ել եւ գնա՝՝ Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց ՝՝ասիկա աւետարանացումի  նշան է։ Աւետարանացումը եկեղեցւոյ կոչումն ու ամենամեծ մխիթարութիւնն  է''։    

՝՝ Եկեղեցին միշտ Տիրոջ հաւատարիմ գտնուելու համար պէտք է յոտնկայս մնայ եւ ընթացքի մէջ ըլլայ՝՝,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  աւեցնելով,  որ այն պարագային երբ եկեղեցի ոտքի չի կանգնիր եւ ուղեւորութեան մէջ չի գտնուիր, ան հիւանդութեան կը մատնուի։

Անդրադառնալով ապա Սուրբ Փիլիպպոսին՝ Եթովպացի ծառային հետ հանդիպումի մասին ,  Ֆրանչիսկսո Պապ ընդգծեց եկեղեցւոյ՝ իւրաքանչիւր մարդուն սիրտի՝ անձկութիւններուն մտիկ ընելու կարեւորութիւնը, աւելցնելով որ իւրաքանչիւր այր մարդ թէ կին իրենց սրտերուն մէջ կը կրեն քէշ կամ լաւ անձկութիւններ եւ եկեղեցիէն պէտք է  ոչ միայն ոտքի ելլէ եւ քալէ այլ պէտք է մարդոց մօտենայ եւ անոնց անձկութիւնները  լսէ։  

խօսքը կեդրոնացնելով Սուրբ Հոգիին ներգործութեան եւ անկէ բխող ուրախութեան վրայ , Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ թէ ՝՝Եվթոպացի ծառան ինքն է որ խնդրեց մկրտուիլ,  որովհետեւ սուրբ Հոգին է  որ անոր մէջ  ներգործեց'' ու այս առընչութեամբ Նորին Սրբութիւնը  յորդորեց թոյլ տալ  Սուրբ Հոգիին , որ ներգործէ մարդոց սրտերուն մէջ   ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը մաղթանք յայտնելով,  որ եկեղեցին  որպէս մայր միշտ յոտնկայս անսայ  ժողովուրդին անձկութիւններուն ու հայցեց պարգեւը` ապրելու եկեղեցւոյ սոյն շնորհքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.