2017-05-04 12:10:00

Քուպայի եպիսկոպոսներուն Ս. Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցը (25 ապրիլէն 4 մայիս)։


(Ռատիօ Վատիկան) 25 ապրիլէն 4 մայիս 2017-ին, Քուպայի եպիսկոպոսները ուխտագնացութեամբ ժամանած են Վատիկան, իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Քուպայի բնակչութեան 60 առ հարիւրը կաթողիկէ են իսկ մնացած 40 առ հարիւրը կամ անհաւատ են կամ ալ հոգեհարցային հաւատալիքներու հետեւորդներ։

Քուպայի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը կը գործէ եպիսկոպոսական 17 խորհուրդներու միջոցաւ։ Կաթողիկէ եկեղեցական կառոյցը ունի 3 աւագ թեմեր եւ ութը պարզ թեմ։

Քուպայի կղզիի աւետարանումը սկիզբ առած է 1494-ին Սպանացի Միսիոնարներու ժամանումով։ 1612-ին  ստրուկ Խուան Մորենօ եւ Խուան ու Ռոտրիկօ Հոյոս եղբայրները  կը յայտնաբերեն ''Վիրկէն Տէ լա Քարիդատի'' արձանը։

1898 Սուրբ Աթոռը Քուպա կ՛ուղարկէ իր առաջին առաքելական պատուիրակը ու 10 մայիս 1916-ին Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետը ''Վիրկէն Տէ Լա Քարիդատ Տէլ Քոպրէն'' կը հռչակէ Քուպայի պաշտպան սրբուհի։ 8 սեպտեմբեր 1927-ին բացումը կը կատարուի ''Վիրկէն Տէ Լա Քարիդատի'' սրբավայրին։ 1961-ին Քասթրոյի կառավարութիւնը կ՛ազգայնացնէ դաստիարակչական կառոյցները Եկեղեցիին ձեռքէն խլելով բազմաթիւ կառոյցներ։

25 Հոկտեմբեր 1962-ին Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը Ռատիովատիկանի միջոցաւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց ու կառավարիչներուն կը յղէ խաղաղութեան ի սպաս պատգամ մը կանխարգիլելու Միացեալ Նահանգներու եւ Սովետական Միութեան միջեւ ադոմական պատերազմի վերահաս վտանգը

19 նոյեմբեր 1996-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Վատիկանի մէջ կ՛ընդունի Քուպայի նախագահ Ֆիտել Քասթրոն անորմէ պահանջելով վերահաստատել Սուրբ Ծննդեան տօնը որպէս ազգային տօն։ 1997-ին Քասթրոն 25 դեկտեմբերը կը հռչակէ տօնական օր։

21-26 Յունուար 1998-ի Յովհաննէս Պօղոս Բ առաքելական այցելութիւն կը կատարէ դէպի Քուպա որուն կը յաջորդեն Վատիկանեան բարձրաստիճան եկեղեցականներու այցելութիւններ։

7 Յունուար 2012-էն մինչեւ 5 Յունուար 2013, Քուպան կը նշէ ''Վիրկէն Տէ Լա Քարիդատի'' յայտնաբերման 400րդ  յոբելեանը որուն առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը առաքելական այցելութիւն կը կատարէ Քուպա։ Այդ այցելութեան որպէս պտուղ 2014-ին Քուպայի կառավարութիւնը աւագ ուրբաթ օրը կը հռչակէ որպէս տօնական օր ու առաջին անգամուան համար աւագ ուրբաթ օրուայ ճանապարհ խաչի արարողութիւնը կը սփռուի Քուպայի ազգային հեռուստակայանէն։

2014-ին Քուպան եւ Միացեալ նահանգները կը կնքեն հաշտութեան համաձայնագիր ու 2015-ի մայիս 10-ին Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ կ՛ընդունի Քուպայի նախագահ Ռաուլ Քասթրոն որ շնորհակալութիւն կը յայտնէ  Նորին Սրբութեան Հապանայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ համաձայնութեան ի սպաս յանձնառումին համար։

19-22 սեպտեմբեր 2015-ին Ֆրանչիսկոս Պապ Քուպան կ՛այցելէ որպէս ''ողորմութեան ուխտաւոր'' եւ այդ այցելութեան առթիւ Քուպայի կառավարութիւնը ներում կը շնորհէ 3522 բանտարկեալներու։  Հուսկ 12 փետրուար 2016-ին Ֆրանչիսկոս Պապ դէպի Մեքսիքօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս հակիրճ դադար կը կատարէ Քուպայի մէջ ուր պատմական հանդիպում կ՛ունենայ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Մոսկուայի Կիւրեղ Պատրիարքին հետ, որուն հետ միասին կը ստորագրէ միասնական յայտարարութիւն մը։

11 մայիս 2016-ին Քուպան նշեց ''Վիրկէն Տէ լա Քարիդատի''` Քուպայի պաշտպան սրբուհի հռչակումին 100-րդ տարեդարձը։








All the contents on this site are copyrighted ©.