2017-05-04 08:26:00

1917-2017 – Ֆաթիմայի մէջ Աստուածամօր երեւումներուն 100 ամեակը:


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆաթիմա քաղաքը կը պատրաստուի մեծ շուքով տօնակատարելու Տիրամօր երեւումներուն 100 ամեակը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը, յառաջիկայ 12 եւ 13 Մայիսին, ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Ֆաթիմայի սրբավայր ''Մարիամի հետ յոյսի ու խաղաղութեան մէջ ուխտաւոր'' բնաբանով։

13 մայիս 1917-ին, Աստուածամայրը իր առաջին երեւումը կատարեց Փորթուկալի Ֆաթիմա գիւղին մէջ երեք մանուկներու, երեք փոքրիկ հովիւներու՝ Լուչիա (10 տարեկան), Ֆրանչիսկոս (9 տարեկան) եւ Յակինթա (7 տարեկան), որոնք իրենց հօտով կը զբաղէին: Կէսօրուայ ժամերուն, անոնք կը տեսնեն կին մը որ աւելի լուսաւոր էր քան արեւը, ամբողջովին ճերմակ հագած եւ ձեռքը ճերմակ վարդարան մը շալկած: Այս կինը կը խնդրէ իրենցմէ ամէն օր վարդարանը աղօթել եւ ամէն ամսոյն 13-ին, միեւնոյն ժամուն, միեւնոյն վայրին մէջ գտնուիլ: Եւ այսպէսով հինգ ամիսներ շարունակ անոնք կը վայելեն երեւումներու այս խորհուրդը, եւ վերջինին՝ 13 հոկտեմբեր 1917-ին, ներկայ կ՛ըլլան նաեւ 70000 հոգի: Աստուածամայրը անոնց կը յայտնէ թէ ինք «Վարդարանի Տիրամայր»ն է, եւ կը խնդրէ որ իրեն ի պատիւ մատուռ մը կառուցանեն:

Ֆաթիմայի մէջ պատահած երեւումները մարգարէաշունչ երեւոյթ մը ունէին: Աստուածամայրը փոքրիկներուն ցոյց կու տայ երեք տարբեր գաղտնիքներ: Յետագային, Լուչիան, որ կը դառնայ մայրապետ, կ՛ըսէ թէ այս երեւումներուն նպատակն էր յորդորել մեծնալ եւ աճիլ հաւատքին, յոյսին ու սիրոյ մէջ:

28 ապրիլ 1919-ին, Աստուածամօր խնդրանքին համաձայն, կը կառուցուի Երեւումներու մատուռը, եւ սկսեալ այդ օրէն Ֆաթիման կը հիւրընկալէ մեծ թիւով ուխտաւորներ, բոլոր կրօնքներու պատկանող:








All the contents on this site are copyrighted ©.