2017-05-03 12:47:00

Քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու կաճառին հաղորդագրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 2 մայիս 2017-ին, վերջ գտաւ Քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու կաճառին տարեկան ընդհանուր նիստը։ Քահանայապետական կաճառի քարտուղար՝ Գերապայծառ Մարչելլօ Նանչեզ Սորոնտօ անդրադառնալով  ժողովի առընչութեամբ հրապարակուած  հաղորդագրութեան պարունակութեան ,   նշեց թէ   ՝՝մասնակցային ընկերութեան ծրագիրը  անիրականալի գաղափարական ծրագիր մը չէ,   եւ  այս առումով Քահանայապետական  գիտութիւններու կաճառի հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ խնդրուած է՝    մասնակցութիւն,  ընկերային  եւ մշակութային համալրում եւ  պայքար՝ մեկուսացումի  երեւոյթին դէմ՝՝։    Գերապայծառ  Նանչեզ ապա նշեց   թէ ՝՝մասնակցային ընկերութեան գործընթացէն ներս բաւական աշխատանք տարուած է,   սակայն  յարկ է   հաշուի առնել իւրաքանչիւր անձի յատուկ կոչումն ու կարողութիւնը՝ որ եղբայրութեան սկզբունքին մաս կը կազմէ՝՝ Ան ապա  հաղորդագրութեան մէջ  հաստատած է  թէ ՝՝Այնտեղ ուր՝ միջին դասակարգը անկումի մէջ կը գտնուի , մասնակցային ժողովրդականութիւնը վտանգի մէջ է։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.