2017-05-03 13:01:00

Գերապայծառ Ժանուսզ Ուրպանչիք. ''Սուրբ Աթոռը մտահոգ է Քորէայի հարցով''։


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Սուրբ Աթոռը մտահոգութեամբ կը հետեւի Քորէական  թերակղզիի դէպքերուն  ու իր աջակցութիւնը կը յայտնէ միջազգային ընտանիքի որեւէ ջանքին, վերականգնելու բանակցութիւնները՝ ի սպաս ապա ապահիւլէականութեան ու խաղաղութեան՝՝ Այսպէս արտայայտուած է ժողովին ընթացքին   Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան ղեկավար՝ Գերապայծառ Ժանուսզ Ուրպանչիքը,  Վիեննայի մէջ՝ 2-էն 12 մայիս 2017ին,  ընթացք առած  ՝՝հիւլէական զէնքի կանխարգիլման պայմանագիրի վերատեսութեան՝՝  առաջին նախապատրաստական կոմիտէի ժողովի ընթացքին.

իր արտասանած ճառին մէջ,   դիտել տալով թէ  հիւլէական զէնքերը  ապահովութեան սխալ  իմաստ   կը նկատուին ։ Վատիկանի  դիւանագէտը ժողովականներու  յիշեցուց , որ   Սուրբ Աթոռը`   անդամակցեցաւ 1971-ի՝   հիւլէական զէնքերուն դէմ կնքոաւծ պայմնագիրին , սատարելու համար    այն ջանքերուն որոնց նպատակն է զարգացնել  ՝ապահովութիւնը, փոխադարձ վստահութիւնը,ու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համագործակցութիւնը ։

Այժմ   եւս Սուրբ Աթոռի Վիեննայի մէջ ներկայութիւնը   մղուած է այն փափաքէն,  որ Սուրբ Աթոռը կ՝ուզէ շարունակել աշխատիլ ի սպաս հիւլէական զէնքէ ազատ աշխարհի մը  համար հաստատած է Գերապայծառ Ուրպանչիքը ։    








All the contents on this site are copyrighted ©.