2017-05-03 11:27:00

Չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութիւն։ Եգիպտոսի առաքելական այցելութիւնը։


Երբ անոնք մեկնեցան, ահա՛ Տիրոջ հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ Յովսէփի եւ ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը, եւ փախի՛ր Եգիպտոս. հո՛ն կեցիր՝ մինչեւ որ քեզի ըսեմ, քանի որ Հերովդէս պիտի փնտռէ մանուկը՝ կորսնցնելու համար զայն»: Ան ալ ոտքի ելաւ, գիշերուան մէջ առաւ մանուկն ու անոր մայրը, մեկնեցաւ Եգիպտոս, եւ հոն էր մինչեւ Հերովդէսի վախճանիլը, որպէսզի իրագործուի մարգարէին միջոցով ըսուած Տէրոջ խօսքը. «Եգիպտոսէ՛ն կանչեցի իմ որդիս»:

(Ռատիօ Վատիկան) Մատթէոսի աւետարանի երկրորդ գլուխէն (13-15)  քաղուած սոյն հատուածին վրայ հիմնուելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 3 Մայիս 2017-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայացուց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային աւանդական ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, որ յատկացուց անցեալ շաբաթավերջին Եգիպտոս կատարած առաքելական այցելութեան։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու յայտնելով թէ այսօր կ՛ուզէ խօսիլ առաքելական ճամբորդութեան որ Աստուծոյ օգնութեամբ, անցեալ օրերուն կատարեց Եգիպտոս։

Այդ երկիրը այցելեցի չորս հրաւէրներու բերումով. Հանրապետութեան նախագահին, Ղպտի օրթոտոքս Պատրիարքին, Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին ու Ղպտի Կաթողիկէ Պատրիարքին հրաւէրներով։ Անոնցմէ ամէն մէկուն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ինծի վերապահած հիւրընկալութեան համար որ իսկապէս ջերմ էր։ Եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ համայն Եգիպտացի ժողովուրդին, անոնց մասնակցութեան ու գորովին, որով ապրեցան Պետրոսի յաջորդին այս այցելութիւնը։

Նախագահն ու քաղաքացիական իշխանութիւնները արտակարգ յանձնառումով աշխատեցան այս ձեռնարկը ամենալաւ կերպով կարելի դարձնելու համար, որպէսզի ան ըլլայ խաղաղութեան նշան` թէ Եգիպտոսին թէ համայն տարածաշրջանին համար­,­ որ դժբախտաբար կը տառապի հակամարտութեան ու ահաբեկչութեան պատճառաւ։ Արդարեւ ճամբորդութեան նշանաբանն էր ''Խաղաղութեան Քահանայապետը խաղաղութեան Եգիպտոսին մէջ''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձ կատարեց առաքելական ճամբորդութեան զանազան հանգրուաններուն սկսեալ Ալ Ազհար համալսարանի տուած այցելութենէն, Իսլամ Սիւննիներու ամենաբարձր ակադեմիական կեդրոն ու իսլամական ամենահին համալսարանը, ուր կային երկու հորիզոններ. Իսլամ Քրիստոնեայ երկխօսութիւնը ու աշխարհի մէջ խաղաղութեան զարգացումը։

Ալ Ազհար համալսարանի մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ Իմամի հետ հանդիպումը, հանդիպում  մը որ ապա ընդլայնուեցաւ Խաղաղութեան Միջազգային խորհրդաժողովի անդամներուն­, որուն ծիրէն ներս ներկայացուցի խորհրդածութիւն մը` արժեւորելով Եգիպտոսի պատմութիւնը որպէս քաղաքակրթութեան եւ ուխտի երկիր։

Համայն մարդկութեան համար Եգիպտոսը հոմանիշ է հին քաղաքակրթութեան, արուեստի ու գիտելիքներու գանձարանի։ Այս մէկը մեզի կը յիշեցնէ թէ խաղաղութիւնը կը կառուցուի դաստիարակութեան միջոցաւ, իմաստութեան կազմաւորումի միջոցաւ ինչպէս նաեւ  մարդկայնապշտութեան մը միջոցաւ որ որպէս անբաժանելի մաս կը ներառէ կրօնական ծաւալը, Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը, ինչպէս յիշեցուց Աւագ Իմամը իր ճառին մէջ։

Խաղաղութիւնը կը կառուցուի վերստին մեկնելով Աստուծոյ ու մարդուն միջեւ կնքուած ուխտէն որ է նաեւ մարդոց միջեւ դաշինքի հիմքը, հիմնուած Սինայի լեռան ժայռի վրայ փորագրուած տասնաբանեան պատուիրաններու վրայ ու առ աւելիով բոլոր ժամանակներու եւ վայրերու ամէն մէկ մարդու սրտի խորքին մէջ, օրէնք մը որ կ՛ամփոփուի երկու պատուիրաններու մէջ` սէր Աստուծոյ ու սէր մերձաւորի նկատմամբ։

Այս նոյն հիմքը` արմատն է նաեւ հասարակական ու քաղաքացիութեան կարգի կառուցման, որուն կանչուած են համագործակցիլ բոլոր կրօններու, մշակոյթի ու ծագումի պատկան բոլոր քաղաքացիները ։

Այս առողջ աշխարհականութեան տեսլականը ի յայտ եկաւ Եգիպտոսի հանրապետութեան Նախագահին հետ զրոյցներու ընթացքին, Երկրին քաղաքական իշխանութիւններու ու դիւանագիտական մարմնի անդամներու ներկայութեամբ։ Եգիպտոսի կրօնական ու պատմական մեծ ժառանգութիւնը ու անոր Միջին արեւելեան տարածաշրջանի մէջ դերը անոր կը շնորհեն  իւրայատուկ պարտականութիւն մը որ կ՛առաջնորդէ դէպի մնայուն ու հաստատուն խաղաղութիւն, որ հիմնուած չ՛ըլլայ ուժի իրաւունքին վրայ այլ իրաւունքի ուժին վրայ։

Քրիստոնեաները Եգիպտոսի մէջ, այնպէս ինչպէս աշխարհի որեւէ երկիրն մէջ, կանչուած են ըլլալու եղբայրութեան թթխմորը։ Այս մէկը կարելի է եթէ անոնք ապրին Քրիստոսի հետ հաղորդութեան մէջ։ Փառք Աստուծոյ,  հաղորդութեան մեծ նշան մը  կարողացանք բացայայտել իմ սիրելի եղբօր Թաուատրոս Բ օրթոտոքս Ղպտիներու պատրիարքին հետ։

Վերանորոգեցինք յանձնառումը, ստորագրելով միասնական յայտարարութիւն մը, միասին քալել ու յանձնառումով գործել չի կրկնելու համար մկրտութեան խորհուրդի մատակարարումը։  Միասին աղօթեցինք Ղպտի եկեղեցին վերջերս հարուածող ահաբեկչական արարքներու մարտիրոսներուն համար­, որոնց արիւնէն ծնունդ առաւ համամիութենական այդ հանդիպումը, որուն իր մասնակցութիւնը  բերաւ նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա։

Ճամբորդութեան երկրորդ օրը նուիրուած էր կաթողիկէ հաւատացեալներուն։ Իշխանութիւններու կողմէ տրամադրուած մարզադաշտին մէջ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը հանդիսացաւ եղբայրութեան ու հաւատքի տօնախմբութիւն­, որուն մէջ զգացինք Յարուցեալ Տիրոջ կենդանի ներկայութիւնը։

Մեկնաբանելով Աւետարանը` Եգիպտոսի կաթողիկէ փոքրիկ հասարակութիւնը խրախուսեցի վերապրիլ Եմմաւուսի աշակերտներու փորձառութիւնը Քրիստոսի մէջ­, որ է կեանքի հաց ու Խօսք, վերագտնելու միշտ հաւատքի ուրախութիւնը, յոյսի եռանդը ե ուժը` սիրոյ մէջ վկայելու թէ հանդիպեցանք Տիրոջ.

Իսկ վերջին հանգրուանը ապրեցայ քահանաներու կրօնաւորներու, կրօնաւորուհիներու եւ նորընծաներու հետ, անոնց մէջ տեսնելով նուիրեալ անձինք որոնք որոշած են իրենց կեանքը նուիրել Քրիստոսի, ու նշմարեցի Եգիպտոսի Եկեղեցւոյ գեղեցկութիւնը, ապա անոնց հետ աղօթեցի Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն համար, որպէսզի առաջնորդուած հովիւներէն, ըլլան այդ հողամասերու աղն ու լոյսը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը խորհրդածութիւնը եզրափակեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք կարելի դարձուցին առաքելական ճամբորդութիւնը ու յատկապէս անոնց որոնք իրենց աղօթքներն ու տառապանքը նուիրեցին այդ դիտաւորութեամբ։

''Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքը, որ գաղթական հասաւ Նեղոսի ափերուն մօտ, փախչելու համար Հերովդէսի բռնութիւններէն, օրհնէ ու պահպանէ Եգիպտացի ժողովուրդը ու զայն առաջնորդէ` բարօրութեան, եղբայրութեան ու խաղաղութեան ճանապարհին վրայ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով իր ճառը ապա զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.