2017-05-02 10:10:00

Կարելի չէ Արցախի տագնապը լուծել՝ առանց ժողովուրդին կամքը նկատի առնելու. Իրան


Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն մէջ մեծ դեր կը խաղայ երկու գործօն՝ ժամանակն ու հակամարտութեան կողմերու մտադրութեանց լրջութիւնը. այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Պահրամ Քասեմի:

«Հակամարտութեանց լուծման կարելի է հասնիլ, երբ բոլոր գործօնները նկատի առնուին: Այդ պատճառով ալ կը կարծեմ, որ ճիշդ չէ այն կարծիքը, թէ Արցախի հակամարտութիւնը կարելի է լուծել մէկ մարդու կամ մէկ երկրի կողմէ», յայտարարած է բանբերը:

Քասեմի նաեւ նշած է, որ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական գործօններէն մէկը ժողովո՛ւրդն է։ «Պէտք է լրջօրէն մօտենալ այդ հարցին: Առանց ժողովուրդի կամքը հաշուի առնելու՝ Արցախի հակամարտութիւնը լուծելը անկարելի՛ է: Այս հակամարտութեան կարգաւորման հարցով ժողովուրդին դերը վճռորոշ պիտի ըլլայ», շեշտած է ան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.