2017-04-30 11:49:00

Ֆրանչիկսոս Պապ. ''երկխօսութեան միջոցաւ է որ կարելի է կերտել խաղաղութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Ացիոնէ Քաթթոլիքա՝՝ եկեղեցական շարժումի հիմնադրութեան 150-րդ ամեակի առիթով, կիրակի, 30 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ  յիշեալ շարժումի   պատկան  հազարաւոր անդամներուն հետ ու այս առթիւ  արտասանած  ճառին մէջ Ան  իր խնդակցութիւնը յայտնելէ ետք սոյն հանդիպումին համար, բարձր արժեւորեց Ացիոնէ Քաթթոլիքա կազմակերպութիւնը, որակելով զայն  որպէս  երազ,  որ ծնունդ առած  է  Մարիօ Ֆանի եւ Ճովաննի Աքուատտերնի ՝երկու երիտասարդներու սիրտերէն՝՝,  որ ժամանակներու ընթացքին դարձած է հաւատքի ուղեւորութիւն անթիւ սերունդներուն համար։

Սրբազան Հայրը  Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումը նկատեց ժողովուրդի մը պատմութիւնը, որ կազմուած է ամէն տարիքէ այր մարդոցմէ ու կիներէ, որոնք փափաքեցան  Տիրոջ հետ միասնաբար ապրիլ։ Ան ապա ընդգծելով որ բաւարար  չէ անցեալին մէջ  ունենալ գեղեցիկ պատմութիւն մը , քաջալերեց   եկեղեցական շարժումի անդամները շարունակելու  եւ ըլլալու  առաքեալներու եւ միսիոնարներու ժողովուրդ մը,  որոնք կը վկայեն այն ուրախութիւնը թէ Տէրը մեզ անհունօրէն կը սիրէ։Ապա յիշեց կազմակերպութեան սուրբերը, որոնք շարքին,  Փիերճորճօ Ֆրասսաթի, Անթոնիեթա Մեօ, Թերեսիօ Օլիվելլի սուրբերը։  

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ  կազմակերպութեան հիմնադրութեան 150-րդ ամեակին,  ըսելով , որ Ացիոնէ Քաթթոլիքա կազմակերպութիւնը միշտ  յատկանշուած է Յիսուսի եւ եկեղեցւոյ հանդէպ մեծ Սիրով,  հրաւիրելով  ներկաները այսօր եւս շարունակելու  ի գործ դնել իրենց  իւրայատուկ կոչումը թեմերուն ու  ժողովրդապետութիւններուն  մէջ,  առաջնորդուած տեղւոյն եպիսկոպոսներէն։

Ֆրանչիկսոս Պապ  քաջալերեց ներկաները յառաջ տանելու իրենց ժողովրդապետութեան մէջ ապրած  առաքելական փորձառութիւնը, դիտել տալով որ ժողովրդապետութիւնը եկեղեցական ներկայութիւն է տարածաշրջանի մը մէջ,  Տիրոջ խօսքը անսալու միջավայրը մը, քրիստոնէական կեանքի աճումի վայր, ապա  խնդրեց շարժումի անդամներէն,   որ մօտիկ կանգնին  եւ օգնեն ժողովրդապետութիւններուն, որպէսզի ժողովրդապետութիւնները  միշտ մնան ընտանիքներու եւ ժողովուրդի կեանքին հետ յարաբերութեան մէջ եւ անոնք   չդառնան  ժողովուրդէն բաժնուած կառոյց մը եւ կամ նախասիրուած անձերու խումբ մը՝ փակուած իրենց մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը  հրաւիրեց նաեւ , որ իւրաքանչիւր  յիշեալ  շարժումի ծրագիր,­ առաջարկ, ուղեւորութիւն , ունենայ  առաքելական փորձառութիւն,  նպատակադրուած աւետարանացումի ի սպաս։ Ան ապա յորդորեց որ անոնք զբաղին նաեւ Քաղաքականութեամբ վսեմ քաղաքականութեամբ հուսկ հրաւիրեց  լայն  բանալ  իրենց սրտերը , լայնեցնելու համար անոնց  պատկան  ժողովրդապետութիւններու սրտերը։  Բաց մնան զիրենք շրջապատող  իրականութեան առջեւ,  առանց վախի երկխօսութեան դիմել, որովհետեւ  լոկ երկխօսութեան մէջ է,  որ կրնանք ծրագրել  բաժնեկցած ապագայ մը, երկխօսութեան միջոցաւ է որ կարելի է կերտել խաղաղութիւնը։

 

Ճառի աւարտին Սրբազան Հայր հրաւիրեց երիտասարդները  երթալու բոլոր  քաղաքները, արուարձանները ու  հոն դառնան  եկեղեցի, Սուրբ Հոգիի  ներգործութեամբ։

Հայցելով Անարատ  Յղութեան մայրական հովանին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  բոլորին եւ համայն Ացիոնէ  Քաթթոլիքա ընկերակցութեան շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.