2017-04-30 10:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Այսօր ընդլայնուած պատերազմ մը կարող է կործանել մարդկութեան մեծ մասը''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Այսօր ընդլայնուած պատերազմ մը կարող է կործանել մարդկութեան մեծ մասը։ Հարկաւոր է դիմել դիւանագիտական լուծումի եւ ՄԱԿ-ին որ պարտաւոր է վերստանձնել ղեկավարի իր դերը` որ քիչ մը նսեմացած է''. Այսպէս խօսեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին, իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի առթիւ, պատասխանելով անոնցմէ մէկուն Քորէայի Եւ ԱՄՆ-ի միջեւ լարուածութեան մասին մէկ հարցումին։

Սովորութեան համաձայն Նորին Սրբութիւնը առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, օդանաւին մէջ, հանդիպեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն ու պատասխանեց անոնց հարցումներուն որոնք ընդգրկեցին նաեւ Իտալացի ''Ճուլիօ Ռեճենի'' երիտասարդին հարցը, որ տակաւին անյայտ պատճառներու համար անցեալ ամիսներուն սպաննուած էր Եգիպտոսի մէջ։ Այս առընչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը հաղորդեց թէ ''Սուրբ Աթոռը այդ հարցով մտահոգուած է  ու թէ արդեն գործի լուծուած է բացայայտելու համար իրականութիւնը'', առանց սակայն մանրամասնութիւններ ներկայացնելու։

Ակնարկելով Եգիպտոսի մէջ արտասանած իր ճառերուն Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց թէ ինք միշտ կը խօսի արժէքներու մասին. պաշտպանել խաղաղութիւնը, ժողովուրդներու միջեւ ներդաշնակութիւնը, քաղաքացիներու միջեւ հաւասարութիւնը,  որեւէ կրօնի որ պատկանին։ Ասոնք արժէքներ են, եթէ կառավարութիւն մը կը պաշտպանէ այս կամ այդ արժէքը այս մէկը այլ հարց է - ըսաւ Ան ու աւելցուց -  18 ճամբորդութիւններուս ընթացքին ես միտ խօսած եմ արժէքներու մասին առանց պաշտպանելու որեւէ կառավարութեան գործը որովհետեւ ես չեմ խառնուիր անոնց ներքին հարցերուն։

Խօսելով ապա ''ժողովրդապաշտ'' քաղաքականութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ իրեն համար այս բառը նոր իմաստ ստացաւ որովհետեւ Եւրոպայի մէջ տարբեր նշանակութիւն ունի։

''Եւրոպան մեծ վտանգի առջեւ կը գտնուի ու կարող է փլուզուիլ'' եւ ես այս մէկը կրկնեցի զանազան առիթներով։ Հարկաւոր է խորհիլ այս հարցի մասին։ Մեծ հարց մը կայ որ Եւրոպային կը սպառնայ` գաղթականութեան հարցը։  Սակայն հարկաւոր է որ այդ հարցը լաւապէս ուսումնասիրուի քաղաքական գետնի վրայ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ պատասխանելով Ֆրանսայի մասին մէկ հարցումին յայտնեց թէ ինք չի ճանչնար Ֆրանսայի ներքին քաղաքականութեան իրականութիւնը ու թէ չի կրնար իր գաղափարը տալ այդ մասին։

Խօսելով Կաթողիկէ-Օրթոտոքս յարաբերութիւններու մասին Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ ինք օրթոտոքսներու հետ միշտ ունեցած է բարեկամական կապեր ու ակնարկեց Պուէնոս Այրէսի մէջ ունեցած իր բարեկամութիւններուն։

Մենք ըսաւ Սրբազան Պապը քոյր եկեղեցիներ ենք։ Թաուատրոս Պապին հետ ունիմ յատուկ բարեկամութիւն` ան Աստուծոյ մարդ է եւ Ինք առաջիններէն է որ կ՛ուզէ որ բոլոր քրիստոնեաները որդեգրեն միակ թուական մը` միասին տօնախմբելու համար Զատիկը։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի միասնութեան ուղեւորութիւնը յառաջ կ՛ընթանայ, անդրադառնալով իր ու Թաուատրոս Պատրիարքին միջեւ ստորագրուած միասնական յայտարարութեան։

Համամիութիւնը ընթացքի մէջ կը կատարուի, ան կը կատարուի նաեւ եղբայրօգնութեան արարքներով, միասին գործել ու միասին քալել ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ ''թէեւ աստուածաբանները պէտք է ուսումնասիրեն ինչպէս համաձայնութեան հասնիլ, մենք պէտք է միասին քալենք, աղօթենք, աշխատինք, ողորմութեան գործեր կատարենք միասին։  Այս կը նշանակէ յառաջ ընթանալ''։

Պատասխանելով հուսկ Հիւսիսային Քորէայի եւ Միացեալ նահանգներու միջեւ լարուածութիւններու մասին հարցումի մը, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ ինք պատրաստ է միջամտելու ու խօսելու զանազան  կառավարիչներու հետ ու թէ հարկաւոր է քալել դիւանագիտութեան ճանապարհի վրայ ու դիմել ''միջնորդներու''։

Միակ ճանապարհը բանակցութեան ճանապարհն է ու միակ լուծումը դիւանագիտական լուծումն է։ Այս մաս մաս կատարուած համաշխարհային պատերազմը որ ընդլայնուեցաւ, այժմ բաւական լարուած է, ասոր համար կոչ կ՛ընեմ հարցերը լուծելու դիւանագիտական ու բանակցութեան ճանապարհով որովհետեւ ասորմէ կախեալ է մարդկութեան ապագան։ Այսօր պատերազմ մը կարող է քանդել մարդկութեան մեծ մասը։ Սարսափելի իրականութիւն։ Նայինք պատերազմներուն Միջին Արեւելքի մէջ Ափրիկէի մէջ...ու կանգ առնենք։ Որոնենք դիւանագիտական լուծումներ։ ՄԱԿ-ը պարտաւոր է վերստանձնել ''Ղեկավարութիւնը'' որ քիչ մը նսեմացած է։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ վստահեցուց թէ ինք հարց չունի հանդիպելու ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփի հետ աւելցնելով թէ այդ ուղղութեամբ տակաւին այդպիսի խնդրանք չէ ներկայացուած։

Անդրադարձ կատարելով ապա Վենեզուելլայի մէջ տիրող արտակարգ ու տագնապալից կացութեան Քահանայապետը յայտնեց թէ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը ամէն ջանք կը դափէ ու կ՛աշխատի խաղաղ լուծումի յանգիլ այլ դերակատարներու հետ միասին։

Զրոյցի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն իրենց աշխատանքին համար, որ կ՛օգնէ շատ մը մարդոց - ըսաւ Ան ու հրաւիրեց ''օգնել մարդիկը ու այնպէս ընել որ հաղորդակցութիւնը բարենպաստ ըլլայ  եւ ոչ թէ ապակողմնորոշուածութիւն յառաջացնէ''։

Շնորհակալ եմ։ Բարի ընթրիք եւ աղօթեցէք ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.