2017-04-29 09:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թաուատրոս Բ Պատրիարք. համամիութենական միասնական աղօթք։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուայ յայտագիրը աւարտեց Ղպտիներու Օրթոտոքս  Պատրիարք Թուատրոս Բ Պապին շնորհած  այցելութեամբ, որուն հետ ունեցաւ  առանձնական հանդիպում  մը։ 

Հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ղպտիներու Պատրիարքը ուղղուեցան դահլիճ, ուր արտասանուեցան ճառեր,  տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում, ապա երկու հովուապետերը Թափորով ուղղուեցան Սուրբ Պետրոսի  եկեղեցի, ուր ներկայութեամբ այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն ու կրօնապետերուն, տեղի ունեցաւ համամիութենական աղօթք, որուն ծիրէն ներս տեղի ունեցան երգեր՝ նուիրուած քրիստոնեայ նահատակներուն, աւետարանական ընթերցում՝  քաղուած Մատթէոս Աւետարանէն, ուր կը խօսուի Յիսուսի լերան վրայ կատարած քարոզին մասին, որմէ ետք   Ֆրանչիսկսո Պապ  Եւ Թաուատրոս Բ Պատրիարքը համամիութենական աղօթք բարձրացուցին  առ Աստուած ։

Սրբազան Հայրը իր կատարած աղօթքին մէջ ըսաւ. ՝՝Տէր Յիսուս,  քեզմէ կը խնդրեմ որ մեզ օրհնես։  Օրհնէ իմ եղբայրս, Թաուատրոս Բ- Պատրիարքը, եւ օրհնէ  հոս գտնուող  բոլոր Եպիսկոպոս եղբայրները։ Օրհնէ բոլոր քրիստոնեայ եղբայրները։ Առաջնորդէ մեզ եղբայրսիրութեան ուղիին վրայ, միասին ծառայելու համար` Սուրբ Հաղորդութեան միասնական սեղանին։ Ամէն՝՝։

Համամիութենական աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը յարգանքի տուրք մատուցեց, անցեալ 11 դեկտեմբեր 2016-ին, ծայրայեղական մահմետական խումբի կողմէ գործադրուած ահաբեկչական արարքի զոհ գացած 29 անմեղ հոգիներուն յիշատակին

Ապա, հրաժեշտ առնելով Թաուատրպս Բ Պատրիարքէն, ուղղուեցաւ Գահիրէի մէջ  գտնուող  Առաքելական  նուիրակութեան  պալատ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.