2017-04-29 19:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Եգիպտոսի նախագահին. Երախտապարտ եմ ջերմ ընդունելութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Եգիպտոսէն մեկնելով կը փափաքիմ ձեզի յայտնել իմ խորին երախտագիտութիւնս ձեզի ու համայն սիրելի Եգիպտացի ժողովուրդին, ձեր ջերմ ընդունելութեան համար։ Ձեզի վստահեցնելով իմ աղօթքներս ձեր երկրին վրայ կը հայցեմ խաղաղութեան եւ ուրախութեան Աստուածային օրհնութիւններ ''։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսոս Սրբազան Քահանայապետը Եգիպտոսի նախագահին յղած իր հեռագիրին մէջ Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, սաւառնելով Եգիպտոսի օդային տարածքի վրայէն։

Ան ապա Յունաստանի նախագահին եւս յղեց հեռագիր մը որուն մէջ նորոգեց իր բարի մաղթանքներն ու աղօթքները համայն Յոյն ժողովուրդին։ Ապա Իտալիոյ նախագահին յղած հեռագիրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը գրեց. ''Եգիպտոս ին տուած այցելութենէն վերադարձին, ուր հանդիպեցայ այդ պատուաւոր ժողովուրդին, հարուստ` պատմութեամբ, մշակոյթով եւ հոգեւորականութեամբ, ձեզի Պարոն Նախագահ կը յայտնեմ իմ բարեմաղթական ողջոյնս ու կը վստահեցնեմ յատուկ աղօթք մը համայն Իտալիոյ բարիքին ու բարօրութեան համար, որուն վրայ կը հայցեմ երկնային օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.