2017-04-29 11:22:00

Պատմական Հայաստանի տարածքին պէտք է ունենայինք մօտ 170 հազարէ աւելի յուշարձաններ։


Աւելի քան 3000 հայկական աւերուած յուշարձաններ վաւերագրուած են 2010-2016-ին պատմական Հայաստանի` ներկայ Թուրքիոյ տարածքին: Աւերումները ունեցած են հիմնականօրէն երկու նպատակ` կրօնական շինութիւններու ոչնչացմամբ՝ վերացնել հայկական հետքերը եւ բեկորները օգտագործել իբրեւ շինանիւթ: Այս մասին ըսած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի պատմութեան եւ յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան պետ Արմէն Աբրոյեան:

«Հայ ժողովուրդը, դարեր շարունակ գտնուելով Հայկական լեռնաշխարհի մէջ, կառուցած է բազմաթիւ կառոյցներ, կոթողներ: Այսօր պատմական Հայաստանի` ներկայ Թուրքիոյ  տարածքին պէտք է ունենայինք մօտ 170.000 եւ աւելի յուշարձաններ: Եղած են շինութիւններ, որոնք կրնային համարուիլ յուշարձաններ եւ նոյնիսկ չեն ալ հաշուառուած: Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամը ցեղասպանութենէն ետք  յուշարձաններու աւերումներու թեմայով հրատարակած գիրք ունի, սակայն ատոնք շատ չնչին մասը կը կազմեն` փաստելու, վաւերագրելու  մեր ժառանգութեան աւերման խնդիրը»,–ըսած է Արմէն Աբրոյեան ու նշած, որ աւերումները հիմնականօրէն եղած են ցեղասպանութենէն ետք` 20-ական, 40-ական, 65-70-ական թուականներուն, մինչեւ նոյնիսկ 2005-ին:

Անոր խօսքով` 2010-2016 թուականներուն Մշակոյթի նախարարութեան պատուերով կատարուած վաւերագրումով,  յայտնի վաւերագրական նիւթերու` Ն. Մառի արշաւախումբի`  Անիի մէջ կատարած աշխատանքներուն, 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբը կատարուած լուսանկարներու, բազմաթիւ ճանապարհորդներու նկարագրութիւններուն համաձայն, մօտ 3000 յուշարձան վաւերագրուած են, սակայն ատոնք արդէն աւերուած եղած են: Աւերումները եղած են ինչպէս կազմակերպուած, այնպէս ալ չկազմակերպուած, երբ բեկորները պոկած ու օգտագործած են շինարարութեան նպատակով:

«Առաջնահերթ եղած են կրօնական կառոյցներու աւերումները: Շատ եղած են խաչերու, խաչքարերու, քարակերտ արձանագրութիւններու աւերման դէպքերը, որոնք հայկական հետքերը ոչնչացնելու քաղաքական նպատակ ունեցած են: Իսկ կամուրջներու, այլ շինութիւններու բեկորները պարզապէս պոկած եւ օգտագործած են որպէս շինանիւթ»,- ըսած է Արմէն Աբրոյեան:

Անոր խօսքով` մէկ տասնամեակ առաջ Անիի, Աղթամարի մէջ կատարուած ամրակայման, շինարարական միջամտութիւններու մեթոտական մօտեցումները ընդունելի չեն: Իրենք կը վերակառուցեն զուտ իրենց շահերէն մեկնած` միջազգային հանրութեան ցոյց տալու համար: Ան աւելցուցած է` քանի որ պաշտօնական դաշտին մէջ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունինք, մեր ձայնը կը բարձրացնենք Թուրքիոյ հայերու, միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջոցով:








All the contents on this site are copyrighted ©.