2017-04-28 17:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Եգիպտոսի քաղաքական իշխանութիւններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտոս կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, ուրբաթ 28 ապրիլ 2017-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ երկրի քաղաքական իշխանութիւններու ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Եգիպտոսի նախագահին արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը խօսք մը ուղղեց ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելով Եգիպտոսի նախագահին, իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան ու  բարի խօսքերուն համար, ապա գոհունակութիւն յայտնեց Եգիպտոս գտնուելուն համար, հնագոյն եւ վսեմ քաղաքակրթութեան Երկիր, որ մարդկութեան պատմութեան ու Եկեղեցւոյ աւանդութեան համար շատ բան կը ներկայացնէ։

Այս հողերուն վրայ Աստուած իր անունը յայտնեց Մովսէսին ու մարդկութեան յանձնեց աստուածային պատուիրանները։ Եգիպտոս երկրին մէջ Սուրբ Ընտանիքը գտաւ ապաստան եւ հիւրընկալութիւն ու այդ երկու հազար տարիներ առաջ տրուած այդ հիւրընկալութիւնը կը մնայ ակնաղբիւր առատ օրհնութիւններու - ըսաւ քահանայապետը  ''Եգիպտոսը որակելով '' տիեզերքի մայր - ''Մասըր Ում ալ Տունիա'', ուր այսօր եւս ապաստան կը գտնեն միլիոնաւոր գաղթականներ։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա Եգիպտոսի  աշխարհաքաղաքական դերակատարութեան` Միջին Արեւելքի համակարգէն ներս ու յատկապէս կոյր բռնութեան դէմ պայքարի շրջագիծէն ներս,  որ յառաջ կու գայ զէնքի վաճառքէն ու այլ հասարակական ծանր հարցերէ ու կրօնական ծայրայեղականութենէ որ Աստուծոյ Սուրբ Անունը կ՛օգտագործէ անասելի անարդարութիւններ ու ջարդեր իրագործելու համար։

Եգիպտոսը ունի յատուկ մէկ պարտականութիւն` հզօրացնել ու ամրապնդել տարածաշրջանի խաղաղութիւնը, հակառակ որ ինք եւս վիրաւորուած է կոյր բռնութեան հետեւանքով – ըսաւ ապա Քահանայապետը մտաբերելով բազմաթիւ այն անհատները որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ահաբեկչական բռնութիւններու պատճառաւ, ու բոլոր անոնք որոնք ստիպուած եղան գաղթել ու հեռանալ երկրէն ու յատկապէս վերջերս տեղի ունեցած Ղպտի եկեղեցիներու դէմ իրագործուած ահաբեկչական արարքներու զոհերն ու անոնց ընտանեկան պարագաները։

Նորին Սրբութիւնը ապա քաջալերեց բոլոր այն ջանքերը որոնք ի գործ կը դրուին իրականացնելու ազգային ծրագիրներ ի նպաստ խաղաղութեան, զարգացումին ու բարգաւաճումին, որոնց շարքին նշեց մարդ անհատի իրաւունքներու յարգանքը, քաղաքացիներու միջեւ հաւասարութիւնը ու կրօնի եւ խօսքի ազատութիւնը։ 

''Ի տես համաշխարհային բարդ իրականութեան որ մտաբերել կու տայ ''բաժան բաժան համաշխարհային պատերազմ մը'' հարկաւոր է հաստատել թէ կարելի չէ կառուցել քաղաքակրթութիւնը առանց հրաժարելու չարին գաղափարախօսութենէն, բռնութիւնէն ու ծայրայեղական որեւէ կեցուածքէն որ կը շահարկէ ու կը վիրաւորէ Աստուծոյ Սուրբ Անունը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ''Ամէնքս պարտականութիւնն ունինք նոր սերունդը դաստիարակել եւ ուսուցանել թէ Աստուած` երկինքը ու երկիրը ստեղծողը, կարիքը չունի պաշտպանուելու մարդոցմէ, ընդհակառակը ինքն է որ մարդիկը կը պաշտպանէ։ Ան իր զաւակներուն մահը չուզեր այլ կը փափաքի որ անոնք ապրին։ Ան չի կրնար բռնութիւն պահանջել ու այդ բռնութիւնը արդարացնել, ընդհակառակը զայն կը մերժէ եւ կ՛ատէ։ Իսկական Աստուածը կը կոչէ անվերապահ սիրոյ, ձրի ներումի, ողորմածութեան, կեանքի յարգանքի ու եղբայրութեան - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ ''Պարտականութիւնն ունինք հաստատելու թէ պատմութիւնը չի ներեր անոնց որոնք արդարութիւն կը հռչակեն ու անարդարութիւն կը կիրարկեն։ Պարտականութիւնն ունինք դիմակազերծելու անոնք որոնք ատելութիւն կը քարոզեն ու յաւիտենականութիւնը կը վաճառեն պարզ մարդոց կեանքը առեւանգելով ու զայն դարձնելով  կրակի մէջ նետուելիք փայտ ու զանոնք զրկելով  ազատութիւն ընտրելու կարողութենէն

Պարտականութիւնն ունինք արմատախիլ ընելու մարդասպան գաղափարները ու ծայրայեղական գաղափարախօսութիւնները, վերահաստատելով իսկական հաւատքի ու բռնութեան միջեւ անհամատեղելիութիւնը - շեշտեց Քահանայապետը ու վերահաստատեց թէ ''Պատմութիւնը կը յարգէ խաղաղութիւնը կառուցողները որոնք քաջութեամբ եւ առանց բռնութեան կը պայքարին  աւելի լաւ աշխարհի մը համար''։

Եգիպտոսը որ Յովսէփի ժամանակ սովէն ազատեց այլ ազգեր, այսօր եւս կանչուած է ազատելու տարածաշրջանը` սիրոյ ու եղբայրութեան սովէն։ Կանչուած է դատապարտելու ու յաղթելու բռնութիւնն ու ահաբեկչութիւնը։ Կանչուած է խաղաղութեան ցորեն նուիրելու բոլոր անոնց որոնք խաղաղ համակեցութեան ծարաւն ունին։

Եգիպտոսի դերակատարութիւնը կարեւոր է որպէսզի կարենանք վստահեցնել թէ այս տարածաշրջանը` որ եղած է երեք մեծ կրօններու օրրանը, ոչ միայն կարող է այլ պարտաւոր է որ արթննայ` այդ տառապանքի երկար գիշերէն ետք, ու վերստին սփռէ արդարութեան ու եղբայրութեան մեծագոյն արժէքները, որոնք կը մնան խաղաղութեան ամուր ու պարտադրուած հիմերը։

''Մեծ Պետութիւններէն քիչ բաներ չեն սպասուիր'' ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու յիշեց Սուրբ Աթոռի եւ Եգիպտոսի հանրապետութեան միջեւ այս տարի նշուող 70 տարներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու տարեդարձը, յոյս յայտնելով որ անոնք աւելիով ամրապնդուին, ապա խաղաղութիւնը հայցեց Եգիպտոսին ու համայն տարածաշրջանի երկիրներուն, ներառեալ Պաղեստինին եւ Իսրայէլին, խաղաղութիւն նաեւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց։

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց բոլոր եգիպտացիներուն, այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու զաւակներուն որոնց շարքին նշեց նաեւ հայ առաքելականները, ու կաթողիկէ համայնքներուն, հայցելով` Եգիպտոսի առաքեալ Սուրբ Մարկոսի հովանին, կառուցելու համար իսկական միութիւնը­, ապա ընդգծեց թէ անոնց ներկայութիւնը այդ երկրին մէջ պատահական չէ այլ պատմական է ու անքակտելիօրէն զօդուած Եգիպտոսի պատմութեան, որովհետեւ անոնք Երկրին անբաժանելի մասն են, որոնք սատարեցին անոր զարգացումին ցոյց տալով թէ կարելի է ապրիլ միասին, իրար զիրար յարգելով։

Շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսքին աւարտին, հայցելով Ամենակալին օրհնութիւնները ու կրկնելով Եսայի Մարգարէէն քաղուած խօսքերը ''Օրհնեալ ըլլայ Եգիպտոսը իմ ժողովուրդս''։ Շուքրան ու Դահիա Մասըր - Շնորհակալութիւն եւ Կեցցէ Եգիպտոսը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.