2017-04-28 08:31:00

Իսրայէլ Դամասկոսի օդակայանին մօտ թիրախներ հարուածած է։


Սուրիական պետական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան հրթիռակոծում մը Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մօտ գտնուող զինուորական դիրքի մը մէջ մեծ պայթում ու հրդեհ յառաջացուցած է: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վնասուած են վառելանիւթի շտեմարան մը եւ պահեստանոցներ:

«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ ըստ սուրիական ընդդիմադիր աղբիւրներու, իսրայէլեան հրթիռակոծման թիրախը Հըզպալլայի պատկանող զէնքի պահեստանոց մըն էր:

Աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, որ հրթիռները արձակուած են բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքին վերեւ թռիչք կատարող ռմբաձիգներու կողմէ:

Իսրայէլի տեղեկահաւաքի հարցերու նախարար Իսրայէլ Քաց իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կրնամ հաստատել, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած դէպքը կը համապատասխանէ Իրանի կողմէ Սուրիոյ ճամբով արդիական զէնքեր Հըզպալլայի մաքսանենգման արգելակման Իսրայէլի քաղաքականութեան: Բնականաբար, չեմ ուզեր մանրամասնել»:

«Վարչապետը նախապէս յայտնած էր, որ երբ տեղեկութիւն ստանանք Հըզպալլային արդիական զէնքերու փոխանցման մտադրութեան մասին, գործի պիտի լծուինք», նշեց իսրայէլացի նախարարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.