2017-04-28 17:00:00

''Ալ Սալամօ Ալէյքոմ'' Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Ալ Ազհար համալասրանին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017ին, Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը բերաւ Եգիպտոսի Ալ Ազհար համալսարանին կողմէ գումարուած Խաղաղութեան միջազգային համագումարին,  այնտեղ արտասանլով առաքելական ճաբորդութեան առաջին պաշտօնական ճառը որուն մէջ  անդրադարձաւ է այժմէական հրատապ հարցերու։

Ճառին սկիզբը Սրբազան Հայրը Եգիպտոսը որակեց քաղաքակրթութեան երկիր ուր զարգացած է գիտութիւնը, ծաղկած է անգնահատելի մշակութային ժառանգութիւնը՝ իմաստութեամբ եւ հանճարով, թուաբանական եւ աստղագիտական նուաճումներով, ճարտարապետական եւ կերպարուեստի հրաշալի արտայայտութիւններով։

''Գիտութեան հետապնդումը եւ ուսուցանելու արժէքը բեղուն արդիւնք ունեցած են Եգիպտոսի համար'' ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ ''գիտութեան զարգացումը եւ դաստիարակութիւնը կարեւոր են նաեւ կերտելու համար ապագան` խաղաղութեան ընտրանքներ խաղաղութեան համար, որովհետեւ չկայ խաղաղութիւն՝ առանց երիտասարդ սերունդի համապատասխան դաստիարակութեան ու չկայ պատշաճ դաստիարակութիւն՝ եթէ երիտասարդներու կազմաւորումը չի համապատասխաներ մարդկային բնութեան` բաց ու յարաբերող։

Դաստիարակութիւնը կը վերածուի կեանքի իմաստութեան երբ ան ատակ է մարդ արարածէն երեւան բերելու լաւագոյնը – ըսաւ ապա Քահանայապետը շեշտելով թէ -  ''այդ իմաստութիւնը կը փնտռէ ուրիշը, գերազանցելով գօսանալու եւ ինքնիր մէջ փակուելու փորձութիւնը. ան բաց է յառաջխաղացումի հանդէպ, խոնարհ է եւ միաժամանակ հետազօտող. ան գիտէ գնահատել անցեալը եւ դնել զայն երկխօսութեան մէջ՝ ներկայի հետ։ Այս իմաստութիւնը կը պատրաստէ ապագայ մը, ուր ուրիշները կը կազմեն անձին ամբողջացուցիչ տարրը. ան չի յոգնիր ներկայի մէջ սահմանել մերձեցումի եւ բաժնեկցումի առիթներ։ Այս իմաստութիւնը, կը մերժէ տիրապետելու կիրքը, եւ կենդրոնական տեղ կու տայ մարդու արժանապատուութեան, որ թանկ է Աստուծոյ աչքերուն առաջ։

Իմաստութեան այս կեցուածքը երկխօսութիւն կը յառաջացնէ, ըսաւ Սրբազան Պապը, եւ կը յորդորէ, թէ յատկապէս միջկրօնական երկխօսութեան մէջ, պէտք է բոլորս միասին քալենք, այն համոզումով՝ թէ բոլորին գոյութիւնը կախում ունի նաեւ կրօնքներու եւ մշակոյթներու մերձեցումէն։

Այս ծիրէն ներս, Սրբազան Պապը թուեց կարեւոր երեք կէտեր` Ինքնութեան պարտականութիւնը, տարբերութեան քաջութիւնը ապա դիտաւորութիւններու անկեղծութիւնը ու խօսքը կեդրոնացուց այդ երեք կէտերու վրայ հաստատելով թէ  ուրիշի յարգանքը եւ անոր հետ անկեղծ երկխօսութիւն հաստատել դաստիարակելը, ճանչնալով ուրիշներու հիմնական իրաւունքները եւ ազատութիւնները, եւ յատկապէս կրօնական ազատութեան իրաւունքը, կը պատրաստէ ընդանալու լաւագոյն ճանապարհէն՝ միասնաբար կերտելու ապագան, ըլլալու համար քաղաքակրթութեան կառուցողներ։

Իսկապէս հակասել կարենալու համար այն անհատներու բարբարոսութիւններուն, որոնք կը սերմանեն ատելութիւն եւ կը խրախուսեն բռնութիւնը, պէտք է ընկերակցիլ սերունդներուն եւ հասունացնել զանոնք, համբերատար կերպով աճեցնելով բարին - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ապա կոչ ուղղեց ''Ի տես քաղաքակրթութեան այս անյետաձգելի մարտահրաւէրին'', որպէսզի քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ, եւ բոլոր հաւատացող մարդիկ իրենց նպաստը բերեն բարիի կերտումին։

Սրբազան Հայրը  Եգիպտոսը որակեց ''Ուխտի Երկիր'', նկատելով, որ այնտեղ ոչ միայն իմաստութեան արեգակը ծագած է, այլ նաեւ կրօնքներու բազմագոյն լոյսը լուսաւորած է այդ երկիրը, ուր այդ կրօնքներու տարբերութիւնները փոխադարձ հարստացում եղած են եւ տրամադրուած ազգային հասարակութեան ծառայութեան։

Սրբազան Հայրը յիշելով Մովսէս մարգարէի Սինայի լերան վրայ ունեցած հանդիպումը, նկատեց, թէ առանց Երկնքի չկայ ուխտ (Ելք ԺԹ. 12) ապա խորացաւ Աստուծոյ տուած պատուիրաններուն վրայ (Ելք Ի. 13) եւ շեշտեց, թէ իբր կրօնքի պատասխանատուներ, կոչուած ենք դիմակազերծելու բռնութիւնը, որ ծածկուած է ենթադրեալ սրբազնութեան ետին, որ կը ծառայէ իբր լծակ անհատապաշտութեան բացարձակացումին՝ փոխանակ ուղղուելու ճշմարիտ Բացարձակին։

Միայն խաղաղութիւնը սուրբ է եւ Աստուծոյ անունով որեւէ բռնութիւն կարելի չէ կիրարկել` որովհետեւ այս մէկը Անոր անունը կը պղծէ – յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով թէ Բռնութիւնը արդարեւ որեւէ իսկական հոգեւորականութեան ժխտումն է ու դիտել տուաւ  թէ ''կրօնքը ոչ միայն պիտի դիմակազերծէ չարը, այլ առաքելութիւնն ունի յառաջացնելու խաղաղութիւնը, այսօր՝ առաւել քան երբեք''։

''Իբր քրիստոնեաներ, չենք կրնար զԱստուած բոլորիս Հայրը անուանել, եթէ կը մերժենք բոլոր մարդիկ ճանչնալ իբր եղբայրներ'', շեշտեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ։ Կանխարգիլելու համար հակամարտութիւնները եւ կերտելու համար խաղաղութիւնը, հիմնական է ձգտիլ վերացնելու աղքատութեան եւ չարաշահումի պարագաները, ուր դիւրաւ կերպով կրնան ամրանալ ծայրայեղականութիւններ. պէտք է արգելակել դրամի եւ զէնքերու հոսքը՝ անոնց, որոնք բռնութիւն կը սնուցանեն. արմատական կերպով պէտք է կանգնեցնել զէնքերու վաճառքը։

Սրբազան Պապ ճառին աւարտին շեշտեց, թէ այս անյետաձգելի եւ ծանր պարտականութեան պարտաւոր են ազգերու եւ տեղեկատուութեան հաստատութիւններու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ մենք՝ քաղաքակրթութեան պատասխանատուներս, իւրաքանչիւրը իր մարզէն ներս, կերտել խաղաղութիւնը, եւ դաշնութեան ամուր հիմեր դնել ժողովուրդներու եւ պետութիւններու միջեւ։

''Յոյս կը յայտնեմ որ այս ազնուական ու սիրելի Եգիպտոս երկիրը կարողանայ` Աստուծոյ օգնութեամբ անգամ մը եւս համապատասխանել իր քաղաքակրթութեան եւ ուխտի կոչումին, նպաստելով խաղաղութեան գործընթացքի զարգացումին, այս սիրելի ժողովուրդին ու Միջին Արեւելքի համայն տարածաշրջանին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.