2017-04-27 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 27 ապրիլի քարոզը. ''Քրիստոնեան հնազանդութեան վկայ է'' ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 27 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ ներկայացուցած Ֆրանչիսկոս Պապի  քարոզի առանցքը հանդիսացաւ  քրիստոնէական հնազանդութեան նիւթը։  ՝՝Քրիստոնեան հնազանդութեան վկան է՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը,  աւելցնելով որ ''երբ մենք՝ քրիստոնեաներս չենք գտնուիր  հնազանդութեան վկայութեան աճումի ուղիին վրայ, այլապէս քրիստոնեաներ չենք''։ Ան  ապա յորդորեց ընթանալ հնազանդութեան վկայութեան ուղիին վրայ՝ նման Յիսուսին, որ չեղաւ  գաղափարապաշտութեան մը վկան, ոչ իսկ իմաստասիրութեան,  ընկերութեան, դրամատունի մը  կամ իշխանութեան մը վկան,  այլ հնազանդութեան վկայ։ Այս առընչութեամբ Նորին Սրբութիւնը  հաստատեց  թէ լոկ Սուրբ հոգին է որ մեզ կը դարձնէ  հնազանդութեան վկաներ, ու աւելցուց, ''ոչ ոք հոգեւոր  գիրքերու ընթերցանութեամբ  կամ   հոգեւոր վարդապետի քով երթալով,  հնազանդութեան վկան կը դառնայ, այլ՝ այդ մէկը Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնն է, շնորհք մըն է  , որ պէտք ենք զայն հայցել Աստուծմէ, ըսելով Հայր, Տէր Յիսուս, ուղարկէ ինծի Քու Սուրբ Հոգիդ , որպէսզի ես դառնամ հնազանդութեան վկան` այսինքն Քրիստոնեայ մը։ 

“Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ հնազանդութեան վկաները դառնալու հետեւանքներուն  մասին ընդգծելով, թէ  ''հնազանդութեան վկայութեան հետեւանքներն են հալածանքները՝՝  ու մէջբերեց Յիսուսի երանութիւններէն ՝՝երանի ձեզի որ հալածուած էք՝՝։

''Խաչը կարելէ չէ վերցնել քրիստոնեայի մը կեանքէն'' շեշտեց Սրբազան Հայրը , ապա  քարոզը աւարտեց հաստատելով ՝՝ Քրիստոնեայի կեանքը հնազանդութեան վկայութիւն է,  քրիստոնեայի կեանքը  լի է հալածանքներով, զրպարտութիւններով''։ Ասոր համար հարկ է, որ ճանչնանք մեր մեղաւորի իրավիճակը ու աղօթենք հայցելով Աստուծմէ շնորհքը դառնալու հնազանդութեան վկաներ ու չվախնալու այդ հալածանքներէն, որովհետեւ Տէրը մեզի վստահեցուց, թէ Սուրբ Հոգին է որ այդ պահերուն մեզի կը ներշնչէ ինչ ընել։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.