2017-04-27 14:03:00

Կարդինալ Փարոլին. ''Ֆրանչիսկոս Պապ երբեք չի մտածեց հրաժարիլ Եգիպտոսի ճամբորդութենէն''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ֆրանչիսկոս Պապ երբեք չի մտածեց հրաժարիլ Եգիպտոսի ճամբորդութենէն, ան կ՛ուզէ ներկայ գտնուիլ այնտեղ ուր կան բռնութեան ու հակամարտութեան իրավիճակներ'' այսպէս արտայայտուեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Ֆրանչիսկոս Պապին  28 եւ 29 ապրիլին Եգիպտոս կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին, Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան  խմբագրական կազմին հետ  ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։

Ծիրանաւորը ապա հաստատեց թէ Քահանայապետը այս պարագային կ՛ուզէ հանդիսանալ խաղաղութեան պատգամաւոր, այնտեղ ուր աւելիով հարկաւոր է հռչակել ու գործել ի սպաս խաղաղութեան։ Ան այս մէկը պիտի կատարէ իր խօսքերով, բայց  նախ եւ առաջ իր ներկայութեամբ`  մօտիկութեան, զօրակցութեան ու քաջալերանքի ներկայութեամբ։ Քահանայապետը արդարեւ Եգիպտոս կ՛երթայ որովհետեւ Եգիպտոսը կարիքը ունի անձիմը որ խաղաղութիւնը կը հռչակէ ու կը ջանայ աշխատիլ ի սպաս խաղաղութեան''։

Անդրադառնալով ապա Ղպտի Եկեղեցիներու դէմ կատարուած ահաբեկչական արարքներուն Կարդինալ Փարոլին հաստատած է թէ ''կառավարութիւնը պէտք է ամէն ջանք դափէ Եգիպտացի քաղաքացիները պաշտպանելու համար, որեւէ ընկերային կամ կրօնական հասարակութեան որ պատկանին։

Անդրադառնալով ապա երիտասարդներու մասին` Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը հաստատած է թէ ''Անոնց պէտք է տրուի կեանքի նշանակութիւն, անոնց պէտք է առաջարկուին արժէքներ որոնց համար կ՛արժէ ապրիլ, պայքարիլ ու յանձնառու ըլլալ, եւ ոչ թէ կորսուիլ այս բռնութեան ու կործանումի անիմաստ յորձանքի մէջ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.