2017-04-27 09:30:00

Գրիգոր Եպ. Գուսան. ''Քահանայապետի այցը Եգիպտոս կը սատարէ խաղաղութեան գործընթացին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Աղեքսանդրիոյ, Երուսաղէմի ու Յորդանանի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս եպ. Գուսան ''Telelumière- NourSat'' հեռուստակայանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին Եգիպտոս կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան, յայտնած է թէ Քահանայապետին այցելութիւնը Եգիպտոս կը սատարէ շարունակելու խաղաղութեան գործընթացը եւ իրականացնելու ազգերու միջեւ սէրն ու արդարութիւնը ինչպէս նաեւ բարգաւաճումը։

''Նորին Սրբութեան Եգիպտոս այցելութիւնը խաղաղութեան այցելութիւն մըն է ուղղուած արեւելքին ու համայն աշխարհին, որովհետեւ աշխարհը կարիքը ունի անձերու որոնք թիկունք կը կանգնին ու կը քաջալերեն խաղաղութեան սերմանումը ու խաղաղութեան մշակոյթը, յատկապէս այս օրերուն երբ ականատես ենք բազմաթիւ տագնապներու ու ահաբեկչական արարքներու  - ըսած է  Արհիապատիւ գերապայծառ Գուսան անդրադարձ կատարելով ապա անցեալ 9 ապրիլին` Ծաղկազարդի տօնին օրը, Եգիպտոսի Ղպտի երկու եկեղեցիներու  դէմ գործադրուած ահաբեկչութիւններուն, գնահատանք արտայայտած է Սրբազան Քահանայապետին վճռակամութեան` այցելելու Եգիպտոսը,­ հակառակ  բոլոր դժուարութիւններուն։ Ան ապա հաստատած է թէ ''մենք եւս Քահանայապետին հետ միասին կ՛ուզենք խաղաղութիւն կառուցել, որպէսզի յաջորդ սերունդներուն ապահովենք սիրոյ, նուիրումի ու խաղաղ կեանք մը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.