2017-04-27 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը` ''Որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր կը մեկնիմ խաղաղութեան Եգիպտոս''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Վաղը որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր կը մեկնիմ խաղաղութեան Եգիպտոս'' գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի 27 ապրիլին հրապարակած թուիթին մէջ, անդրադառնալով 28 եւ 29 ապրիլին Եգիպտոս կատարելիք 36 ժամուայ առաքելական ճամբորդութեան, որուն ընթացքին ան հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրին նախագահին, Աւագ Իմամին, քաղաքական իշխանութիւններուն, Ղպտիներու Պատրիարք Թաուատրոս Բ ու Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներուն ու հաւատացեալներուն հետ։

Հակառակ սպառնալիքներուն Սրբազան Քահանայապետը վճռեց իրագործել սոյն ճամբորդութիւնը որուն բնաբանն է  ''Խաղաղութեան Քահանայապետը` խաղաղութեան Եգիպտոսի մէջ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.