2017-04-27 09:17:00

Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը հսկողութեան տակ կը դնէ Թուրքիան


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քաղաքական գետնի վրայ, Թուրքիա վերջերս մեծ մարտահրաւէրներու հետ դէմ յանդիման մնացած է՝ թէ՛ երկրէն ներս, թէ՛ միջազգային ճակատի վրայ։ Իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ նախագահ Էրտողանի քայլերն ու յայտարարութիւնները, քաղաքական ու տնտեսական վերիվայրումները, «Կեզի» հանրապարտէզի դէպքերով սկսած խառնակութիւնները, քաղաքական սահմանափակումները, արտակարգ դրութեան իրավիճակը, քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններու, տասնեակ լրագրողներու ու քաղաքական գործիչներու ձերբակալութիւնները, ինչպէս նաեւ Յուլիս 15ի զինուորական հարուածն ու յաջորդող զանգուածային ձերբակալութիւնները միջազգային ընտանիքէն ներս բաւական տկարացուցած են Թուրքիոյ դիրքերը եւ նկուն վիճակի մէջ դրած են երկիրը՝ ստիպելով, որ իշխանութիւնները միշտ ինքնապաշտպանութեան կամ մերժումի քաղաքականութիւն որդեգրեն։

Վերջին քանի մը օրերուն կը խօսուէր Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովէն )ԵԽԽՎ) ներս Թուրքիոյ քաղաքական իրավիճակին շուրջ որոշում մը կայացնելու հաւանականութեան մասին, ու կասկած չկար, որ Թուրքիոյ դէմ խիստ որոշում մը պիտի ընդունուէր։ Այդպէս ալ պատահեցաւ, երբ Ապրիլ 25ին ԵԽԽՎն իր՝ «Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու գործունէութիւնը» խորագրեալ նիստին աւարտին վաւերացուց Անգարան խստօրէն զայրացնող բանաձեւ մը, որ հսկողութեան տակ կը դնէ այդ երկիրը՝ հոն շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն պատճառով։

Թուրքիոյ մասին տեղեկագիրը, որուն մէջ ծանրօրէն կը քննադատուին մանաւա՛նդ Յուլիս 15 զինուորական հարուածէն ետք հռչակուած արտակարգ դրութեան վիճակը եւ անոր պատճառով ընդունուած որոշումներն ու անոնց գործադրութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ ժողովրդավարական հաստատութիւններու գործունէութիւնը կանխարգիլող կարգադրութիւնները, պատրաստուած է երկու զեկուցողներու՝ էսթոնիացի Մարիան Միքոյի ու նորվեկիացի Ինկեպիոնկ Կոթսքեսենի կողմէ։ Անիկա վաւերացուեցաւ 113 թեր եւ 45 դէմ քուէներով, իսկ 12 երեսփոխաններ ձեռնպահ մնացին։ Թուրքիայէն, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երկու երեսփոխաններ թեր քուէարկեցին անոր։

Թուրքիան պաշտպանելու համար ելոյթ ունեցաւ Թալիփ Քիւչիւքճան, որ ըսաւ, թէ տեղեկագիրը «լեցուն է սխալներով», եւ՝ Թուրքիոյ դէմ «անջատողական մօտեցում» կը ցոլացնէ։ Ան ազդարարեց, որ եթէ բանաձեւը ամբողջութեամբ վաւերացուի, այն ատեն ԵԽԽՎն իր արժէքը պիտի կորսնցնէ թուրք հաւաքականութեան մօտ՝ պնդելով, որ Անգարա պիտի շարունակէ իր «հակաահաբեկչական գործողութիւնները», երկիրը պաշտպանելու նպատակով։

ԵԽԽՎի անդամ երկիր մը հսկողութեան տակ առնել կը նշանակէ այդ երկրէն ներս հիմնել ժողովրդավարական, մարդկային իրաւունքներու եւ իրաւական գերակայութիւնը պաշտպանող հաստատութիւններ ու ապահովել անոնց գործունէութիւնը։ Թուրքիա 1996ին եւս նման կացութեան մատնուած էր, սակայն սահմանադրական, օրէնսդրական, ժողովրդավարական եւ իրաւական բարեփոխումներէ ետք՝ 2004ին, այդ գործընթացը վերացուած էր։

Յիշենք, որ այս որոշումը իր բացասական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բանակցութիւններուն վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.