2017-04-27 09:57:00

''Ացիոնէ Քաթթոլիքան առաքելութիւն մը բոլորին հետ եւ բոլորին համար''։


(Ռատիօ Վատիկան) 27էն 30 ապրիլ 2017-ին Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' – Իտալական բանուորական շարժումի մասին  Բ միջազգային համագումարը` ''Ացիոնէ Քաթթոլիքան առաքելութիւն մէջ­, բոլորին հետ եւ բոլորին համար'' բնաբանով։

Այս առթիւ հինգշաբթի 27 ապրիլ 2017-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ համագումարի պաշտօնական բացման Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը զոր գլխաւորեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

Համագումարի աշխատանքները, որուն կը մասնակցին տարբեր երկիրներէ ժամանած 300 պատուիրակներ, շարունակուեցան Սիւնհոդոսի սրահին մէջ ուր տեղի ունեցաւ նաեւ հանդիպում` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

28 Ապրիլին նախատեսուած են ''Ացիոնէ Քաթթոլիքա միջազգային դաշնակցութեան'' անդամներու ընտրութիւնը։

Համագումարի ծիրէն ներս պիտի տօնախմբուի նաեւ Ացիոնէ Քաթթոլիքայի Իտալական մասնաճիւղի 150-րդ ամեակը, որուն առթիւ կիրակի` 30 ապրիլ 2017-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած է հաւաք ու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպում որուն պիտի մասնակցին Ացիոնէ Քաթթոլիքայի աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած  100 հազար անդամներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.