2017-04-27 08:19:00

Արցախի մէջ պիտի մեկնարկէ «Արուեստը Յանուն Խաղաղութեան» միջազգային նոր նախագիծը


Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը կը յայտարարէ «Արուեստը յանուն խաղաղութեան» (Arts for Peace) խորագիրով միջազգային նոր նախագիծի մեկնարկի մասին:

Նախագիծի գեղարուեստական ղեկավարն է իտալացի դաշնակահար, խմբավար, Արցախի պատանի երաժիշտներու «ՏՆՋՐԷ» միջազգային փառատօնի մասնակից եւ պաշտօնական նուագակցող (2013, 2015) Լուքայ Ֆերինին, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է իր նպաստը բերելու Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման, մշակութային նոր կապերու ստեղծման ու ամրացման, արուեստի միջոցով խաղաղութեան ամրապնդման:

Ծրագրի մեկնարկը պիտի տրուի Ապրիլ 27-ին ժամը 17:00-ին Շուշիի մէջ` Լուքա Ֆերինիի, սլովենացի ջութակահար Չրտոմիր Շիշկովիչի, քլարնեթահար Եոժէ Կոտարի եւ պելճիքացի թաւջութակահար Սեւակ Աւանեսեանի համատեղ համերգով:

Ապրիլ 30-ին` ժամը 18:00-ին ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կայանալիք համերգին հիւրերուն պիտի միանան արցախցի երիտասարդ երաժիշտները: Համերգներուն պիտի ներկայացուին յայտնի դասական եւ ժամանակակից երգահաններու ստեղծագործութիւններ:

Նախագծի ծիրէն ներս` Ապրիլ 28-29 Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլեճին մէջ տեղի պիտի  ունենան ջութակի եւ քլարնեթի վարպետութեան դասեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.