2017-04-26 11:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը ''Ted 2017'' համաշխարհային գիտաժողովին մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Քանատայի Վանքուվեր քաղաքին մէջ  գումարուած , համաշխարհային մակարդակի վրայ  ՝՝Ապագան դուն են՝՝ խորագիրով գիտաժողովին , Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի, 26 ապրիլ 2017-ին,  կանուխ առաւօտեան , պատկերասփռուած , երկարաշունչ եւ անակնկալ պատգամ մը յղած է յիշեալ գիտաժողովի մասնակիցներուն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են տնտեսական, գիտական, քաղաքական աշխարհէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։  Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ անդրադառնալով ներկայ աշխարհի իրավիճակին,  ուր կը թուի , որ տնտեսականութիւնը,  իրերը աւելի  կ՝արժեւորուին   քան անձերը, յարեց թէ աշխարհը կարիքը ունի քնքշութեան յեղափոխութեան, որպէսզի   մարդ արարածը վերստին ''կեդրոն'' դառնայ։

Աշխարը փոխելու համար Սրբազան Հայրը նշեց , որ պէտք է անսալ ուրիշներուն, մասնաւորապէս աղքատներու ճիչին,  ինչպէս նաեւ մեր հասարակաց տան ձայնին, ընդգծելով որ  իւրաքանչիւրին գոյութենականութիւնը կապ ունի ուրիշներուն հետ  եւ նկատել տալով,  որ   կեանքը անցողական ժամանակ մը չէ այլ հանդիպումի ժամանակ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը ուղղելով համաշխարհային համբաւ ունեցող տնտեսական, քաղաքական  բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն,  յարեց թէ Ինք ամէն անգամ, որ գաղթականներու հետ կը հանդիպի  հարց կու տայ  ''Ինչու իրենք եւ ոչ թէ ես''  հուսկ՝ շեշտեց , որ  լոկ եղբայրութեան դաստաիրակչութիւնը, շօշափելի զօրակցութիւնը, կարող է գերազանցել մեկուսացումի մշակոյթին։

Ապա  յիշեց ''Բարի Սամարացիին'' առակը  դիտել տալով , որ Բարի սամարացիին պատմութիւնը ժամանակակից աշխարհին մարդկայնականութեան պատմութիւնն է ու հաստատեց թէ Ժողովուրդներուն ուղեւորութեան մէջ գոյութիւն ունեցած են  վէրքեր, որոնց պատճառն է   այն իրողութիւնը`  թէ մարդ անհատը չէ այլ՝ դրամն ու իրերն են որոնք  կեդրոնական տեղ կը գրաւեն։

Ֆրանչիսկոս Պապի  պատկերասփռուած պատգամին կեդրոնական յորդորը եղաւ, որ կարիքը կայ քնքշութեան յեղափոխութեան ,  որ կը նշանակէ շօշափելի  արարքներով եւ սիրով մօտենալ ուրիշներուն,  շարժում մը` որ կը բխի սրտէն եւ կ՝անցնի  աչքերէն, ականջներէն ու  բազուկաներէն։

Նորին Սրբութիւնը  պատգամը եզրափակեց յարելով թէ  մարդկութեան ապագան չի գտնուիր  լոկ  քաղաքական, տնտեսական կամ գործարարական անձնաւորութիւններու  ձեռքերուն մէջ, թէեւ՝  անոնց պատասխանատուութիւնը մեծ համարուած է, մարդկութեան  ապագան կը գտնուի յատկապէս այն անձերու ձեռքերուն մէջ, որոնք ուրիշը , մերձաւորը կը ճանչնան որպէս մասնիկ մը իրենց անձին։








All the contents on this site are copyrighted ©.