2017-04-26 09:12:00

Չեխիան ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը


Չեխիոյ խորհրդարանը 25 ապրիլին տեղի ունեցած նիստին ձայներու 104 կողմ, 0 դէմ, 0 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ (96 երեսփոխաններ չեն քուէարկած) ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին հաղորդած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան: Եւրոպական «Օրեր» անկախ ամսագիրի կայքը հաղորդած է, թէ բանաձեւին մէջ նշուած է. «Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու տունը կը դատապարտէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին նացիներու  կողմէ գրաւուած տարածքներուն մէջ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները հրեաներու, գնչուներու եւ սլաւոններու նկատմամբ, Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին` հայերու  ցեղասպանութիւնը եւ ազգային ու կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ…»:








All the contents on this site are copyrighted ©.