2017-04-26 10:35:00

Հրապարակային ունկնդրութիւն։ Յոյս ներշնչող խոստումը ''Ես ձեզի հետ եմ՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը''


Իսկ տասնմէկ աշակերտները գացին Գալիլեա, այն լեռը՝ որ Յիսուս որոշած էր:Երբ տեսան զայն՝ երկրպագեցին անոր. բայց ոմանք կասկածեցան։ Ուրեմն գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով:Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի: Եւ ահա՛ ամէն օր ես ձեզի հետ եմ՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը»: Ամէն:( Մատթ 28,16,18-20)

(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 26 ապրիլ 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն,  ու այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ դարձեալ խորհրդածեց Քրիստոնէական յոյսի մասին ներշնչուելով Մատթէոս Աւետարանիչի խօսքերէն։

Խորհրդածութեան սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ներկաները ըսելով

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս,

''Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհիս կատարածը'' (Մատթ 28,20)։ Մատթէոս Աւետարանը եզրափակող այս խօսքերը կը վերակոչեն մարգարէական աւետիսը որ կը գտնուի Աւետարանի սկիզբը. ''Անոր պիտի տրուի Էմմանուէլ անունը որ կը նշանակէ Աստուած մեր հետ (Մատթ. 1,23)։ Համայն աւետարանը պարփակուած է այս երկու ասութիւններու մէջ, խօսքեր որոնք կը հաղորդեն Աստուծոյ մը խորհուրդը` որուն անունը, որուն ինքնութիւնը ''մեր հետ ըլլալ է''։

Մեր Աստուածը բացակայ Աստուած մը չէ, այլ` մարդով հրապուրուած Աստուած մըն է, նոյնիսկ եթէ մեր սիրտը պաղի­, ինք միշտ ջերմութեամբ լի է։

Մեր Աստուածը միշտ մեզ կ՛առաջնորդէ, նոյնիսկ եթէ մենք մոռնանք զինքը։ Մեր գոյութիւնը արդարեւ ուխտագնացութիւն մըն է, ուղեւորութիւն մըն է։ Ու մեր հոգին գաղթական հոգի մըն է։

Սուրբ Գիրքը լի է ուխտաւորներու եւ ճանապարհորդներու պատմութիւններով։ Աբրահամի կոչումը սկիզբ կ՛առնէ այս  խօսքերով ''Քու երկիրէդ գնա այն երկիրը'' (Ծննդոց, 12,1)։ Ու մեր նախահայրը կը լքէ այն աշխարհը որ լաւապէս կը ճանչնայ ու կը մեկնի։

Աշխարհի մէջ իր ուղեւորութեան ընթացքին մարդը սակայն երբեք մինակ չէ։ Յատկապէս Քրիստոնեան երբեք ինքզինք լքուած չի զգար, որովհետեւ Յիսուս մեզի կ՛ընկերանայ մեր ամենօրեայ ճանապարհորդութեան ընթացքին։

Եւ Աստուծոյ այն խնամակալական կեցուածքը մարդուն նկատմամբ պիտի տեւէ մինչեւ աշխարհիս կատարածը։ ''Երկինքը եւ երկիրը պիտի անցնին սակայն Աստուծոյ Խօսքը պիտի չ՛անցնի''։

Աստուծոյ սիրտը միշտ մտահոգ է մեզմով ու Ան երբեք մեզ պիտի չի լքէ անձկութեան ու խաւար պահերուն։ Այս մէկը նախախնամութիւն է ու պատահական չէ որ Քրիստոնէական նշանաբաններէն մին խարիսխն է, որ կը նշանակէ թէ մեր յոյսը ապարդիւն չէ։ Քրիստոնէական յոյսը իր արմատները կը գտնէ Աստուծոյ խոստումին մէջ, որ իրականացաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Եթէ Ան մեզի վստահեցուց թէ երբեք մեզ պիտի չի թողու, եթէ ամէն մէկ կոչումին սկիզբը ''ինծի հետեւիր'' է, որով Ան մեզի կը վստահեցնէ թէ մեր առջեւէն կը քալէ, Ինչո՞ւ պիտի վրդովինք։

Այս խոտումով Քրիստոնեաները կարող են երթալ ամենուրէք սաղմոսերգուի խօսքերուն համաձայն ''Եթէ նոյնիսկ անցնիմ խաւարած վիհերէն, ես չեմ վախնար չարէն, որովհետեւ դուն, Տէր, հետս ես. Ցուպդ եւ գաւազանդ` անոնք կը մխիթարեն զիս'' (Սապմոս 23,4) ''։ Ճիշդ այնտեղ ուր խաւարը կը տարածուի հարկաւոր է լոյսը միշտ վառած պահել - յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու աւելցուց ''եթէ մենք միայն մեր ուժերուն վրայ վստահինք, կրնանք յաղթահարուած ու յուսալքուած զգալ մենք զմեզ, որովհետեւ աշխարհը յաճախ կը մերժէ սիրոյ օրէնքները։ Իսկ եթէ մեր մէջ վերապրի այն վստահութիւնը` թէ Աստուած մեզ չի լքեր, թէ Աստուած մեզ ու այս աշխարհը կը սիրէ քնքշութեամբ, այդ ժամանակ մեր հեռանկարը կը փոխուի։ Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդը կազմուած է մարդոցմէ որոնք կը քալեն յոյսի մէջ հաստատեց Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''անոնք ուր ալ երթան, գիտեն թէ Աստուծոյ սէր զանոնք կանխեց'' ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց  վերահաստատելով թէ ''չկայ աշխարհի մէջ վայր մը որ կը խուսափի Յիսուս Քրիստոսի յաղթանակէն` սիրոյ յաղթանակը''։ 

Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող` իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորները, ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, ու նորապսակներուն մատնանշելով  թէ երէկ տօնախմբուեցաւ Մարկոս Աւետարանիչի ծիսական տօնը։

Սուրբ Պօղոսի հետեւող Անոր աշակերտները ձեզի համար դառնան օրինակ` սիրելի երիտասարդներ, անոնց նման ընթանալու Փրկչին քայլերուն վրայ։ Անոր բարեխօսութիւնը ձեզի` սիրելի հիւանդներ, թիկունք կանգնի հիւանդութեան դժուար պահերու ընթացքին ու անոր Աւետարանը ձեզի, սիրելի նորապսակներ,  յիշեցնէ` ամուսնական կեանքէն ներս աղօթքի կարեւորութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.