2017-04-26 09:19:00

Կիպրոսի նախագահն ու կառավարութիւնը դատապարտած են Հայոց ցեղասպանութիւնը


Կիպրոսի կառավարութիւնն ու նախագահ Նիքոս Անասթասիատես դատապարտած են Թուրքիոյ կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Սայփրըս Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առիթով  կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Կառավարութեան բանբեր Նիքոս Քրիսթոտուլիտես Ցեղասպանութիւնը անուանած է նողկալի յանցանք եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ ամօթալի գլուխ` նշելով. «Կառավարութիւնը իր ամբողջական կարեկցանքն ու համակրանքը կը յայտնէ Հայաստանի ժողովուրդին եւ կը վերահաստատէ ամբողջական աջակցութիւնը միջազգային հանրութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.