2017-04-25 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը Եգիպտոս կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան առիթով։


Սիրելի  եգիպտոսի ժողովուրդ ՝՝Ալ սալամ Ալէյքոմ՝՝։ Խաղաղութիւը ձեր հետ։

Ուրախ ու  երախտապարտ սրտով մի քանի օրեր  ետք,   պիտի գամ այցելելու ձեր սիրելի  հայրենիքը,  քաղաքացիութեան օրրանը, Նեղոսի պարգեւը, արեւի եւ հիւրասիրութեան երկիրը՝ ուր ապրեցան պատրիարքներ, մարգարէներ եւ  ուր ողորմած , գթասիրտ ամենակարող  եւ միակ Աստուածը լսելի դարձուց իր ձայնը։

Իսկապէս ուրախ եմ ՝ որպէս բարեկամ, որպէս խաղաղութեան պատգամաբեր եւ որպէս ուխտաւոր գալու  այն երկիրը, որ աւելի  քան երկու հազար տարիներէ ի վեր կը շնորհէ հիւրընկալութիւն` ապաստան,  Հերովդէս  թագաւորին սպառնալիքէն  փախուստ տուած Սուրբ Ընտանիքին (Մատթ 2,1-16)՛  Պատիւ  կը զգամ այցելելու Սուրբ ընտանիքի երկիրը։

Յարգանքով ձեզ բոլորդ կ՝ողջունեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, Եգիպտոս այցելելու հրաւէրին համար, որ դուք զայն անուանած էք  Տիեզերքի մայր ։

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հանրապետութեան նախագահին, Թավատրոս Բ Նորին Սրբութեան, Ալ Ազհար Աւագ Իմամին եւ Ղպտիներու կաթողիկէ պատրիարքին, որոնք զիս հրաւիրեցին, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ  ձեզի  իւրաքանչիւրիդ, որ  ինծի տեղ տուիք ձեր սրտերուն մէջ։  Շնորհակալ  եմ բոլոր այն անձերուն,­ որոնք աշխատեցան եւ կ՝աշխատին, կարելի  դարձնելու համար սոյն ճամբորդութիւնը։

Կը փափաքիմ որ այս ճամբորդութիւնը ,  ողջագուրումի,սփոփանքի  եւ քաջալերանքի ճամբորդութիւն հանդիսանայ՝ միջին արեւելքի  բոլոր քրիստոնեաներուն համար։ Ան հանդիսանայ բարեկամութեան եւ գնահատանքի պատգամ համայն Եգիպտոսի եւ տարածաշրջանի  բնակչութեան ինչպէս նաեւ  եղբայրութեան եւ համերաշխութեան պատգամ բովանդակ Աբրահամի զաւակներուն համար, ի մասնաւորի մահմետական աշխարհին, որուն մէջ Եգիպտոս երկիրը  առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ ։ Կը մաղթեմ որ  սոյն ճամբորդութիւնը  ազդու նպաստ շնորհէ  միջ-կրօնային երկխօսութեան՝ մահմետական աշխարհին հետ ինչպէս նաեւ համամիութենական երկխօսութեան՝  սիրելի եւ յարգելի Օրթոտոքս Ղպտի եկեղեցւոյ հետ։

Մեր աշխարհը՝ յօշոտուած կոյր բռնութենէն, որ հարուածեց նաեւ  ձեր սիրելի երկիրը , կարիքը ունի սիրոյ եւ ողորմածութեան։ Կարիք ունի խաղաղութեան աշխատաւորներու եւ ազատ  ու  ազատագրող անձերու , քաջարի մարդոց որոնք գիտեն սորվիլ անցեալէն, կառուցելու համար ապագան , առանց   նախապաշարումներու մէջ  փակուելու։  Կարիք ունինք խաղաղութեան կամուրջներ կառուցողներու ,  երկխօսութեան , եղբայրութեան եւ , արդարութեան  եւ մարդկայնականութեան։

Սիրելի եգիպտացի եղբայրներ, երիտասարդներ, կիներ ու այեր , մահմետականներ եւ քրիստոնեաներ, հարուստներ  ու աղքատներ, ձեզ յարգանքով բոլորդ կը ողջագուրեմ  եւ Ամենակալ Աստուծմէ կը հայցեմ որ ձեզ օրհնէ եւ ձեր երկիրը պահպանէ ամէն չարիքէն։

Հաճեցէք աղօթել ինծի  համար։

՝՝Շուքրան վա Թահիայ Միսր՝՝ ։ Շնորհակալութիւն եւ կեցցէ Եգիպտոսը  








All the contents on this site are copyrighted ©.